
Ամերիկացի յայտնի հաղորդավար, լրագրող Լերի Քինկի հնարաւոր այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն իսկական խուճապի առիթ դարձած է Ազրպէյճանի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ՙԱրմէնփրես՚ը:
Համացանցային ֆորումներու եւ գրեթէ բոլոր լրատւամիջոցներու մէջ այցելութեան մասին խօսակցութիւններէն ետք` այժմ հարցը կարծէք թէ կը բարձրանայ պետական մակարդակի: Ազրպէյճանական ՙTrend.az՚ը` լրագրողի այցելութեան մասին լուրերը ճշդելու համար` դիմած է Պաքուի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւն, ուր յայտնած են, որ իրենք տեղեակ չեն Լերի Քինկի Լեռնային Ղարաբաղ այցելութենէն: