ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄՏԱՀՈԳ Է ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՑՈՒԹԵԱՄԲ
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մերի Հարֆ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն խորապէս մտահոգ է իր տուներէն հեռանալու պարտադրուած Քեսապի հայութեան կացութեամբ` կոչ ընելով պաշտպանելու յատկապէս բոլոր քաղաքացիներն ու անոնց սրբավայրերը: