Լրատվական օրաթերթՀայերեն · Русский · English
ZartonkDaily
Լրատվական օրաթերթ
ԶարթոնքZartonkDailyՀայաստան։ Սփյուռք։ Աշխարհ։
Լեզուներ
HYRUEN
ZartonkDaily

Հայկական

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՍԿՍԱՒ ՔՆՆԱՐԿԵԼ ԿՈՒՏԱԿԱՅԻՆ ԿԵՆՍԱԹՈՇԱԿՆԵՐՈՒ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ

Սահմանադրական Դատարանին մէջ սկսաւ ՙԿուտակային կենսաթոշակների մասին՚ օրէնքի կարգ մը կէտերու սահմանադրականութեան հարցի քննութիւնը: Դիմումը դատարան ներկայացուցած են չորս ոչ իշխանական ուժերն ու ՙԴէմ եմ՚ նախաձեռնութեան անդամները: Անոնց հիմնական պահանջը պարտադիր կուտակային համակարգի պարտադիր բաղադրիչը հակասահմանադրական…

“ՄԵՆՔ ԹԱՔՑՆԵԼՈՒ ՈՉ ՄԻ ԲԱՆ ՉՈՒՆԵՆՔ” ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան կեդրոնին մէջ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Ռուսիոյ հետ կազային համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ կազի սակի ճշդման հարցին: ՙՑանկացած լաւագոյն որոշում ընդամէնը աշխատանքի կէսն է: Ի հարկէ, շատ լաւ որոշում է աթոմակայանի նոր…

ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՆՈՒԱՆԻ ԴԵՐԱՍԱՆ ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ

26 Սեպտեմբեր 2013-ին մահացաւ հայ անուանի դերասան, ՀՀ ժողովրդական արթիսթ Սօս Սարգսեանը: Երկար ժամանակէ ի վեր Սօս Սարգսեանի մօտ առողջական խնդիրներ յառաջացած էին, որոնք արտայայտուեցան թոքերու անբաւարարուածութեան տեսքով: Վարպետը բազմիցս հիւանդանոց փոխադրուած էր, ուր որոշ ժամանակ բուժուելէ ետք ապաքինման շրջանը կը բոլորէր…

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿþՈՂՋՈՒՆԷ ՓՈՒԹԻՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՙՌուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի այցը Հայաստան կը նպաստի երկկողմ կապերի ամրապնդմանը եւ բխում է երկու ժողովուրդների շահերից՚: Այս մասին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: ՙՄենք շատ ուրախ ենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահը ոչ միայն Երեւան է…

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածեց, Իրանի միջուկային ծրագիրի շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութեան վերաբերեալ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց համաձայնութիւնը դիտել տալով, որ անիկա լաւ լուր մըն է համայն միջազգային հանրութեան համար: Յայտարարութիւնը ընդգծեց, թէ Հայաստան միշտ ալ…

ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՈՐ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Իմանալէ ետք, որ Տէր Զօրի յուշահամալիրը ռմբակոծման պատճառով ենթարկուած է լուրջ վնասներու, Արամ Ա. կաթողիկոս անմիջապէս կապ հաստատեց Հալէպի Ազգային առաջնորդարանին հետ: Այս մասին կը վկայէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տարածած հաղորդագրութիւնը: Վեհափառ հայրապետը նախ տեղեակ դարձաւ յուշահամալիրին կրած վնասներուն մասին: Յստակ է, թէ յուշահամալիրը որեւէ ձեւով թիրախ չէ դարձած ռմբակոծումի կամ կողոպուտի: Անոր կրած վնասները հետեւանք են իր մօտակայքը ինկած քանի մը ռումբերու:

ԻՐԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ Կ’ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՐԱՅ, Կ’ԸՍԵՆ ՓՈՐՁԱԳԷՏՆԵՐ

Հայ եւ ռուս քաղաքագէտները կը կարծեն, որ Իրանի դէմ պատերազմի սկսելէն ետք առաջինը պիտի տուժէ Հայաստանը: Թէ հայ եւ թէ ռուս քաղաքագէտները գրեթէ համոզուած են, որ եթէ Իրանի դէմ պատերազմ սկսի` Ազրպէյճան պիտի փորձէ օգտուիլ առիթէն: Այս հարցը անոնք քննարկեցին լրագրողներու հետ հանդիպման կազմակերպուած տեսակամուրջին միջոցով:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԸՆԿ. ՄԱՅՔ ԽԱՐԱՊԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապ֊եանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Յա֊րութ Երկանեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Կարէն Կակոյեան: Հանդիպման ընթացքին Յակոբեան…

Տիգրան Սարգսեան ընդունած է Ճոնաթան Ճէյմս Էյվզին եւ տիկին Քեթրին Ճէյն Լիչին:

Հ.Հ. վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է Հ.Հ. Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ թագաւորութեան նորանշանակ արտակագ եւ լիազօր դեսպաններ Ճոնաթան Ճէյմս Էյվզին եւ տիկին Քեթրին Ճէյն Լիչին: Հանդիպումին ընթացքին վարչապետը նշած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է Մեծն Բրիտանիոյ հետ յարաբերութիւնները խորացնելու: «Շատ բան կախեալ է ձեր աշխատանքէն: Առաջին հերթին կարեւոր է, որ Մեծն Բրիտանիոյ դիւանագիտութիւնը տարածաշրջանին մէջ ապահովէ ծրագրուած մօտեցում: Մենք նաւթ չունինք, սակայն ունինք այլ աղբիւրներ՝ աւելի սուղ եւ կարեւոր», ըսած է Սարգսեան:
Subscribe to Հայկական