Լրատվական օրաթերթՀայերեն · Русский · English
ZartonkDaily
Լրատվական օրաթերթ
ԶարթոնքZartonkDailyՀայաստան։ Սփյուռք։ Աշխարհ։
Լեզուներ
HYRUEN
ZartonkDaily

Միջազգային

ԿԻՒԼ` ՆԵՐՈՂ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՆՔ ԳԱՂՏՆԱԼՍՈՒՄՆԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ

Ապահովական գաղտնի խորհրդաժողովը ՙԵու Թիւպ՚ի վրայ բացայայտուելու պատճառով, թրքական իշխանութիւնները ձերբակալեցին Կիւլենի շարժումին համակիր լրագրող մը: Նախագահ Ապտուլլա Կիւլ ըսաւ, իշխանութիւնները ներող պիտի չըլլան գաղտնալսումը կազմակերպողներուն հանդէպ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլու հաստատեց ՙԵու Թիւպ…

ՓՈՒԹԻՆ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ուքրանական բանակի միաւորներ Ուրբաթ ուշ երեկոյեան յարձակեցան երկրին հարաւարեւելեան շրջանը գտնուող Քրամաթորսք քաղաքին վրայ եւ փորձեցին պետական հաստատութիւններէն հեռացնել ռուսամէտ ուժերը: Բախումներու ընթացքին ինկան քառասունէ աւելի զոհեր: Վիրաւորներուն թիւը անցաւ հարիւրը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց…

ՏԱՒՈՒՏՕՂԼՈՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ հանդիպելէ ետք, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան անջատ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլուի հետ, ճաշի սեղանի շուրջ: Տաւուտօղլու յայտնեց, որ հանդիպումը կայացած է բարեկամական մթնոլորտի մէջ եւ նշեց, թէ Աթէշեան հայկական…

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄՏԱՀՈԳ Է ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՑՈՒԹԵԱՄԲ

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մերի Հարֆ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն խորապէս մտահոգ է իր տուներէն հեռանալու պարտադրուած Քեսապի հայութեան կացութեամբ` կոչ ընելով պաշտպանելու յատկապէս բոլոր քաղաքացիներն ու անոնց սրբավայրերը:

ԹՐՔԱԿԱՆ ԼՈՊՊԻՆ ԸՆԴԴԷՄ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ

Թրքական լոպպիի ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը (LOBISAV) ՙքաղաքացիական բողոքի արշաւ՚ մը կը կազմակերպէ`1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրենց օրակարգին մէջ առնելու պատրաստ եւ ճանչցող 22 երկիրներուն դէմ: Այս մասին կը գրէ թրքական ՙԶաման՚ թերթը:Անոնք մէկ ամսուան ընթացքին 12 հազար ստորագրութիւն հաւաքած են:

ՄԱԿ` ՙԺԸՆԵՒ-2՚ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ 22 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ

ՄԱԿ-ի պաշտօնակատար մը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ հակամարտութիւնը կարգաւորելու նպատակով ՙԺընեւ-2՚ խորհըրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 22 Յունոարին: Աղբիւրը նշեց, թէ Սուրիոյ իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը պիտի մասնակցին խորհրդաժողովին: Ժընեւի մէջ, Ռուսիոյ փոխարտաքին գործոց նախարար Ալեքսէյ Պոկտանով անջատ հանդիպումներ ուեցաւ…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՔՐՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ

Սուրիոյ քրտական բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը Թուրքիան զգուշացուց Ալ Քայիտային ռազմական օգնութիւն հայթայթելու հետեւանքներէն: Սոյն հաղորդագրութիւնը լոյս ընծայուեցաւ, երբ թրքական բանակը Թել Ապիատի մէջ սպաննեց քրտական բանակի երկու ծառայող: Թել Ապիատի մէջ կատաղի բախումներ տեղի կþունենան քիւրտերու եւ Ալ Քայիտայի զինեալներու միջեւ: Հաղորդագրութիւնը միաժամանակ կþընդգծէ, թէ առանց Թուրքիոյ բացայայտ օժանդակութեան, Ժեպհէթ Ալ Նուսրա հազիւ քանի մը օր դիմանայ քիւրտերու դէմ:

ՌՈՀԱՆԻ ԲԱՑԱՌԵՑ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ՈՉՆՉԱՑՈՒՄԸ

ՙՖայնենշըլ Թայմզ՚ օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի կը յայտնէ, թէ իր երկրին միջուկային կեդրոնները պիտի չքանդուին: Նախագահը անգամ մը եւս կ'ընդգծէ, թէ Իսլամական Հանրապետութեան ռազմական քաղաքականութիւնը չի նախատեսեր միջուկային զէնքի մշակում: Ռոհանի կը յայտնէ, թէ Իրան պիտի շարունակէ…

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀՐԹԻՌՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽ

Դամասկոսէն հաղորդուած լուրերուն համաձայն, այսօր կէսօրէ ետք Դամասկոսի Պապ Շարքիի շրջանը դարձած է հրթիռային ռմբակուծումներու թիրախ: Հրթիռներու տարափին տակ, մահացած է Յակոբ Սարգիսեան անունով հայորդի մը: Հրթիռներ տեղացած են նաեւ Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ եւ Թարգմանչաց դպրոցին վրայ, պատճառելով լուրջ վնասներ:…

ԻՐԱՆ- ՎԵՑԵԱԿ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք, Ժընեւի մէջ, Իրան եւ Վեցեակը համաձայնութիւն գոյացուցին Թեհրանի միջուկային ծրագիրներուն վերաբերեալ: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճաուատ Զարիֆ յայտարարեց, թէ համաձայնութիւն գոյացած է Վեցեակին հետ: ՙԻնթէրֆաքս՚ լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Վեցեակի հետ համաձայնութեան մէջ,…

ԵՐԵՔ ՔՐՏՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 15.000ՆՈՑ ՑՈՅՑ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Փարիզի ՙՔրտական Տեղեկատուական Կեդրոն՚ին մէջ Յունւար 10ին, երեք քրտուհիներու սպանութեան դէմª բողոքի մեծ ցոյց մը տեղի ունեցաւ Յունուար 12ին` Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ: Հակառակ անձրեւին ոչ միայն Ֆրանսայի, այլ նաեւ Եւրոպայի չորս կողմերէն ժամանած աւելի քան 15 հազար քիւրտեր, քրտական դրօշներ, Օճալանի դիմանկարը կրող պաստառներ, նաեւ սպաննուածներու պատկերները պարզելով` տողանցեցին Փարիզի փողոցներուն մէջ: Ցոյցը կազմակերպըւած էր քրտական բազմաթիւ ընկերակցութիւններու կողմէ:

ՌՈՒՍԻԱՆ ԵՒ ՄԱԿ-ի ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ՔՆՆԱԴԱՏԱԾ ԵՆ ՃԱՐԱՄԱՆԱՅԻ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով խստօրէն քննադատած է Դամասկոսի Ճարամանա թաղամասին մէջ 28 Նոյեմբերին տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնները` յայտարարելով, որ նման արարքի համար որեւէ արդարացում չի կրնար ըլլալ: Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը: Լաւրով նաեւ աւելցուցած է, որ նման…

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ՄԻՋԱՄՏԵՑ ՄԱԼԻԻ ՄԷՋ ԵՒ ԿԱՍԵՑՈՒՑ ԻՍԼԱՄԱՊԱՇՏՆԵՐՈՒ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔԸ ԴԷՊԻ ՀԱՐԱՒ

Նախագահ Հոլանտ Յունուար 11ին, պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Ֆրանսա կը միջամտէ իր նախկին գաղթավայրին` Մալիի մէջ: Այս միջամտութիւնը կը կատարուի ընդառաջելով Մալիի նախագահին դիմումին, եւ կþարդարացուի որպէս իսլամական ահաբեկչութեան յառաջխաղացքը կանխելու կամ կասեցնելու գործողութիւն: Արդարեւ, գլխաւորաբար Ալ-Քաիտայի` շրջանի…

ՌՈՒՍԻԱՆ ԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԷ ՀԱԼԷՊԻ ԻՐ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէª Հալէպի մէջ իր գլխաւոր հիւպատոսութեան գործունէութեան դադրեցման մասին: ՙՀալէպի մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան գործունէութիւնը ժամանակաւորապէս կասեցուած է: Հիւպատոսութեան ուղղուելիք բոլոր հարցերով կարելի է դիմել Դամասկոսի Ռուսիոյ հիւպատոսական բաժին՚« կ’ըսուի հոն:

ՀԶՕՐ ՊԱՅԹՈՒՄ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Հալէպի Տեղեկատուութեան եւ Գիտարուեստի համալսարանին մօտ, հզօր պայթում մը խլեց յիսունէ աւելի զոհեր: Պայթումին հետեւանքով հըրկիզուեցան տասնեակներով ինքնաշարժներ, քանդուեցան համալսարանի շէնքերէն որոշ հատուածներ: Վիրաւորներուն թիւը կ’անցնի եօթանասունը: Պայթումը կը պատահի համալսարանական քննութիւներու առաջին օրը: Զոհերուն մեծամասնութիւնը ուսանողներ են:

ԹԵՀՐԱՆ ՙՎԵՑԵԱԿ՚ԻՆ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ՀՐԱՒԷՐԻՆ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱԾ

Եւրոպական Միութեան ար֊տաքին գործոց եւ անվտանգու֊թեան հարցերով գերագոյն յանձ֊նակատար Քաթրին Աշթըն յայտարարած է, որ պաշտօնա֊կան Թեհրանը դեռ չէ պատաս֊խանած Իրանի միջուկային խնդրով ՙվեցեակ՚ի (Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Ռուսաստան, Չինաս֊տան, Գերմանիա) հետ բանակցութիւնները վերսկսելու հրաւէրին: ՙԱռ այժմ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԶԴԵՑԻԿ ԼՈՊՊԻ ՈՒՆԻ, Կ’ԸՍԷ ԱՅԱԶ ՄՈՒԹԱԼԻՊՈՎ

Ազրպէյճանի նախկին նախագահ (1990-1992) Այազ Մութալիպով, անդրադառնալով ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպա֊նութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման ըսած է, թէ անիկա ՙհաշուարկուած քայլ էր՚: ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած օրինա֊գիծը քաղաքակա֊նա֊պէս մտածուած քայլ է, քանի որ յառաջիկայ ամիսներուն Ֆրան֊սայի…

ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՁԳՏԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼ ՈՐ ՍԵՂԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ԿԸ ՀԱՒԱՔԷ ՏԱՐԲԵՐ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիա կը պատրաստուի Իրաքի մէջ յարանուանական լարուածութիւնները մեղմացնելու նպատակով` Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք ժողովի մը ընթացքին Իրաքի սիւննի եւ շիի ղեկավարները սեղանի շուրջ հաւաքել: Այս մասին կը յայտնէ թրքական ՙՍապահ՚ օրաթերթը: Աղբիւրը կը նշէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ գումարուող ժողովը տեղի պիտի ունենայ այս Փետրուարի վերջաւորութեան: Այս քայլով Թուրքիա կը ձգտի ստեղծել միջազգային մարմին մը, որ սեղանի շուրջ կը հաւաքէ շրջանին տարբեր խմբաւորումները:

ԵԹԷ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԷՆՔԸ ՄԵՐԺԷ ՆՈՐ ՕՐԻՆԱԳԻԾ ՊԻՏԻ ԱՌԱՋԱՐԿԵՄ, ՇԵՇՏԵՑ ՍԱՐՔՈԶԻ

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտ֊նեց, թէ Սահմանադրա֊կան Խորհուրդին կողմէ Հայկական Ցեղասպանու֊թեան ժխտումը քրէակա֊նացնող օրէնքը մերժուե֊լու պարագային` անյա֊պաղ նոյն ուղղութեամբ օրէնքի նախագիծ մը պատրաստել պիտի տայ: Այս մասին կը յայտնէ թրքական ՙԱնատոլու՚ գործակալութիւնը: Նշենք, որ Ծերակոյտէն 77 եւ Ազգային ժողովէն 65…

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼՈԻՐԵՐ

ՄՈՍԱՏԻ ՊԵՏԸ ԳԱՂՏՆՕՐԷՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՅՑԵԼԱԾ Է Լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, թէ իսրայէլեան գաղտնի գործակալութեան` Մոսատի պետ Թամեր Պարտօ Ուաշինկթընի մէջ պետական բաձրաստիճան պատասխանատուներու հետ հանդիպած եւ քննարկած է զանազան հարցեր` Իսրայէլի կողմէ Իրանին հասցուե֊լիք զինուորական հարուածի մը կարելիութեան շուրջ: Իսրայէլի հեռատեսիլի 2-րդ կայանը հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Հետախուզական Գործակալութեան` Սի.Այ.Էյ.-ի պետ Տէյվիտ Փեթրայոս եւ Ազգային Հետախուզութեան պետ Ճէյմզ Քալաֆար մասնակցած են հանդիպման:

ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՋՈՂԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՙԱՄՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐՍԷՆ ՔԱՆԴԵԼ՚, ԸՍԱՒ ՉԱՒՈՒՇՕՂԼՈՒ

Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախկին նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու ողջունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծին բողոքարկումը:

Ըստ ռուսական աղբիւրի մը`Սուրիոյ մէջ թուրք զինուորներ ձերբակալուած են

Սուրիական բանակի միաւորները Սուրիոյ Թուրքիային սահմանամերձ Ժըսըր ալ Շուղուր քաղաքի մերձակայ գիւղերուն մէջ ձերբակալած են քանի մը թուրք գրոհայիններ, որոնք հարցաքննութիւններու ժամանակ խոստովանած են, որ մաս կը կազմեն տասնեակ թուրք բանակայիններու խումբին: Այս մասին կը յայտնէ «Սանա» գործակալութիւնը վկայակոչելով ռուսական «Զաֆթրա» թերթը։
Subscribe to Միջազգային