Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտ֊նեց, թէ Սահմանադրա֊կան Խորհուրդին կողմէ Հայկական Ցեղասպանու֊թեան ժխտումը քրէակա֊նացնող օրէնքը մերժուե֊լու պարագային` անյա֊պաղ նոյն ուղղութեամբ օրէնքի նախագիծ մը պատրաստել պիտի տայ: Այս մասին կը յայտնէ թրքական ՙԱնատոլու՚ գործակալութիւնը:
Նշենք, որ Ծերակոյտէն 77 եւ Ազգային ժողովէն 65 ստորագրու֊թեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը 31 Յունուարին բողոքարկուած էր Սահմանադրական Խորհուրդին:
Ժողովրդական Շարժում միութեան անդամ եւ օրինագիծին դէմ ստորագրող Ժաք Մէարտ իր հերթին յայտնած է, որ Սարքոզիի քայլը անհնար է: Եթէ օրինագիծը մերժուի կը նշանակէ, թէ հակասահմա֊նադրական է: