Ռուսական ֆութպոլի 100 ամեակին առիթով, Ռուսիոյ ֆութպոլի միութիւնը սահմանած է նոր մրցանակ մը` ՙֆութպոլի մէջ մարդա֊սիրութեան համար՚, որ կը կրէ ռուսական ֆութպոլի հիմնադիրներէն մէկուն` Տիւարերոնի անունը:
Նոր նուաճում մը եւս հայկական ճատրակին համար, զոր իրա֊գործեց հայրենի մեծ վարպետ, ողիմպիական ախոյեան Լեւոն Արոն֊եանը, որ շահեցաւ այս տարուան առաջին մեծ մրցաշարքին` Թաթա Սթիլի միջազգային 74րդ մրցաշարքին ախոյեանի տիտղոսը, որ կայացաւ հոլանտական Վէյք Ան Զէէ քաղաքին մէջ, 14-29 Յունուարի միջեւ, աշխարհի ճատրակի 14 աստղերու մասնակցութեամբ: