Ռուսական ֆութպոլի 100 ամեակին առիթով, Ռուսիոյ ֆութպոլի միութիւնը սահմանած է նոր մրցանակ մը` ՙֆութպոլի մէջ մարդա֊սիրութեան համար՚, որ կը կրէ ռուսական ֆութպոլի հիմնադիրներէն մէկուն` Տիւարերոնի անունը:
Սան Փեթերսպուրկի մէջ կայացած հանդիսութեան ընթացքին, Ռուսիոյ ֆութպոլի միութեան նախագահ Սերկէյ Ֆուրսենքօ առաջին երեք մրցանակները յանձնած է սովետական ֆութպոլի ու միջազ֊գային մարզին մէջ անուանի խաղացող, 1973 թուականին Սովե֊տական Միութեան ֆութպոլի ախոյեանի տիտղոսը շահած Երեւանի Արարատի ՙոսկեայ՚ խումբի մարզիչ, Ռուսիոյ ֆութպոլի միութեան փոխ նախագահ Նիքիթա Սիմոնեանին ՖԻՖԱի նախագահ Սէպ Փլաթըրին եւ ԵՈՒԵՖԱի նախագահ Միշէլ Փլաթինիին: