Ազրպէյճանի նախկին նախագահ (1990-1992) Այազ Մութալիպով, անդրադառնալով ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպա֊նութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման ըսած է, թէ անիկա ՙհաշուարկուած քայլ էր՚: ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած օրինա֊գիծը քաղաքակա֊նա֊պէս մտածուած քայլ է, քանի որ յառաջիկայ ամիսներուն Ֆրան֊սայի մէջ նախագա֊հա֊կան ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, եւ նախագահ Սար֊քոզին կ’ուզէ օգտա֊գործել երկրին մէջ ապրող հայերու ձայ֊նեը...: Սակայն, նման որոշման ընդունումը բացարձակապէս չի համապատասխաներ Ֆրանսայի նման երկրին, քանի որ Ֆրանսան միշտ հանդէս եկած է իբրեւ ժողովրդավարու֊թեան, մարդու իրա֊ւունք֊ներու եւ ազատու֊թիւններու պաշտպան: Այսպիսի որոշումները մեծ վնաս կը հասցնեն ժողովրդավարական երկրի հեղինակութեան: Ընդհանուր առմամբ անարդար է նման հարցերը բարձրացնել քաղաքական հարթակ եւ հասարակութեան վրայ տարածել...: Հայաստանը հզօր լոպպի ունի, Ծերակոյտի ընդունած որոշումը անգամ մը եւս ապացուցեց այդ մէկը՚, ըսած է նախկին նախագահը:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման անդրա֊դառնալով Մութալիպով ըսած է, թէ ղարաբաղեան հարցի լուծման բանալին Ռուսաստանի ձեռքին է: ՙԵս միշտ ըսած եմ, որ հայ-ազրպէյ֊ճանական, ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման բանալին Ռուսաստանի ձեռքն է: Անիկա մինչ օրս այդպէս է՚, ըսած է Մութալիպով եւ աւելցուցած, թէ խնդիրին կարգաւորմամբ զբաղող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործունէութիւնը որեւէ ՙօգուտ չէ բերած Ազրպէյճանին՚:
1992-ին Ազրպէյճանի ազգային ճակատի ճնշման ներքոյ հրա֊ժա֊րական տալէն (Խոճալու գիւղի մէջ 1992-ին տեղի ունեցած դէպքերէն ետք) ի վեր Մութալիպով Ռուսաստան կ’ապրի: