
Ուքրանական բանակի միաւորներ Ուրբաթ ուշ երեկոյեան յարձակեցան երկրին հարաւարեւելեան շրջանը գտնուող Քրամաթորսք քաղաքին վրայ եւ փորձեցին պետական հաստատութիւններէն հեռացնել ռուսամէտ ուժերը: Բախումներու ընթացքին ինկան քառասունէ աւելի զոհեր: Վիրաւորներուն թիւը անցաւ հարիւրը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց ուքրանական բանակին վայրագութիւնները եւ պահանջեց կասեցնել անզէն քաղաքացիներու դէմ ռազմական գործողութիւնները: Ուաշինկթընի մէջ, պետական քարտուղարութեան խօսնակը ինքնազսպումի կոչ ուղղեց ուքրանական բանակին: Օտեսայի մէջ յայտարարուեցաւ եռօրեայ սուգ` Քրամաթորսքի զոհերուն յիշատակին:
Նախագահ Վլատիմիր Փութին ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ դատապարտեց Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը ռազմական քայլերով լուծելու արեւմուտքին ընտրանքը:
Միւս կողմէ, արեւելեան Ուքրանիոյ իշխանութիւնները ազատ արձակեցին առեւանգուած ԵԱՀԿ-ի դիտորդները: