
Երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք, Ժընեւի մէջ, Իրան եւ Վեցեակը համաձայնութիւն գոյացուցին Թեհրանի միջուկային ծրագիրներուն վերաբերեալ: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճաուատ Զարիֆ յայտարարեց, թէ համաձայնութիւն գոյացած է Վեցեակին հետ: ՙԻնթէրֆաքս՚ լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Վեցեակի հետ համաձայնութեան մէջ, միջազգային հասարակութիւնը ընդունած է ուրանիոմ հարստացնելու Իրանի իրաւունքը: Իրան կէս տարիով պիտի սառեցնէ իր միջուկային ծրագիրները եւ պիտի դադրեցնէ Արաքայի մէջ կառուցուող ուժանիւթի կեդրոնին շինարարութիւնը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ համաձայնութիւնը պիտի դառնայ հիմնական նպատակներու իրականացման առաջին հանգրուանը:
Միացեալ յայտարարութեան մը մէջ, Եւրոպայի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր բանագնաց Քաթրին Աշթըն եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճաուատ Զարիֆ նշեցին, թէ Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ համաձայնութիւնը կը կրէ միջանկեալ բնոյթ: Կողմերը պիտի ձգտին համապարփակ համաձայնութեան: Յայտարարութիւնը կ'աւելցնէ, որ տուեալ պայմանագրութիւնը ՙկարեւոր քայլ կը հանդիսանայ կողմերու միջեւ կառուցողական յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացի մէջ՚: Ձեռք բերուած համաձայնութեան մէջ Իրան պիտի ստանայ 4.2 միլիառ տոլար գումար մը:
Նախագահ Պարաք Օպամա Գոնկրէսէն պահանջեց նոր պատժամիջոցներ չսահմանել Իրանի դէմ: Ան դիտել տուաւ, թէ Իրանի հետ համաձայնութիւնը հիմնախնդրի լուծման առաջին քայլն է:
Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի կոչ ըրաւ անյապաղօրէն շարունակելու միջուկային ծրագիրի շուրջ համապարփակ համաձայնութեան բաանկցութիւնները: Միացեալ Նահագներու պետական քարտուղար Ճոն Քերրի յայտնեց, թէ Իրանի հետ համաձայնութիւնը պիտի ապահովէ Իսրայէլի եւ Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներու անվտանգութիւնը: Քերրի նաեւ հաստատեց Իրանի հետ գաղտնի բանակցութիւններ վարելու փաստը:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Իրանի հետ համաձայնութիւնը ցոյց կու տայ հակամարտութիւններու քաղաքական լուծման անհրաժեշտութիւնը: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ՙԳէշ գործառք՚ որակեց Իրանի հետ համաձայնութիւնը: Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզ յայտարարեց, թէ համաձայնութիւնը շատ աւելի նախընտրելի է, քան` անորոշութիւնը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը Իրանի դէմ պատժամիջոցները ջնջելու առաջին քայլը պիտի առնէ Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին: