Դամասկոսէն հաղորդուած լուրերուն համաձայն, այսօր կէսօրէ ետք Դամասկոսի Պապ Շարքիի շրջանը դարձած է հրթիռային ռմբակուծումներու թիրախ: Հրթիռներու տարափին տակ, մահացած է Յակոբ Սարգիսեան անունով հայորդի մը: Հրթիռներ տեղացած են նաեւ Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ եւ Թարգմանչաց դպրոցին վրայ, պատճառելով լուրջ վնասներ: Ռմբակոծումներուն հետեւանքով վիրաւորուած են երկու հայեր` Թորոս Սարգիսեան եւ Ռաֆֆի Ճապուրեան: Մէկ այլ հայորդրի` Ժիրայր Թոփալեան վիրաւորուած է Տուէլաա շրջանին մէջ ինկած արկի մը հետեւանքով: