Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ հանդիպելէ ետք, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան անջատ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլուի հետ, ճաշի սեղանի շուրջ:
Տաւուտօղլու յայտնեց, որ հանդիպումը կայացած է բարեկամական մթնոլորտի մէջ եւ նշեց, թէ Աթէշեան հայկական համայնքի գոհունակութիւնը յայտնած է Էրտողանի յղած ուղերձին կապակցութեամբ: ՙՅոյս ունինք, որ մեր երկարած բարեկամութեան ձեռքը անպատասխան չի մնար՚, ըսած է նախարարը:
Իր կարգին, Արամ սրբազան նախարարին շնորհակալութիւն յայտնած է Քեսապէն Թուրքիա ապաստանած հայերուն նկատմամբ ցուցաբերուած հոգածութեան ու օգնութեան համար:
Հայկական պատուիրակութեան մաս կազմած են նաեւ Պետրոս Շիրինօղլու, Տիգրան Կիւլմեզկիլ եւ Շիրվան քհնյ. հայրը: Նշեք, որ Էրտողանի հետ հանդիպումը մօտաւորապէս 1.5 ժամ տեւած էր եւ անոր ներկայ գտնուած էին նաեւ Տաւուտօղլուն, փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչը եւ վարչապետարանի փոխխորհրդատու Իպրահիմ Գալընը:
ՏԱՒՈՒՏՕՂԼՈՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ