
ՙՖայնենշըլ Թայմզ՚ օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի կը յայտնէ, թէ իր երկրին միջուկային կեդրոնները պիտի չքանդուին: Նախագահը անգամ մը եւս կ'ընդգծէ, թէ Իսլամական Հանրապետութեան ռազմական քաղաքականութիւնը չի նախատեսեր միջուկային զէնքի մշակում: Ռոհանի կը յայտնէ, թէ Իրան պիտի շարունակէ խաղաղասիրական նպատակներու համար ուրանիոմի հարըստացումը: ՙԻրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ խնդիրները շատ ծանր են եւ չեն կրնար լուծուիլ կարճ ժամանակի մէջ: Հակառակ այդ դժուարութիւներուն, վերջին հարիւր օրերուն ի յայտ եկած է որոշակի անկեղծութիւն, որ կրնայ զարգանալ յետագային՚, կը յայտնէ Իրանի նախագահը:
Այլ քայլի մը մէջ, Իրան հաւանութիւն տուաւ աւելցնելու սեփական նաւթի արտահանումը: Պետական քարտուղար Ճոն Քերրիի եւ անոր իրանցի պաշտօնակիցին` Մուհամմէտ Ճաուատ Զարիֆի միջեւ գոյացած համաձայնութեան մէջ, Թեհրան կը խոստանայ նաւթի օրական մատակարարումները 0.75 միլիոն թոնէն բարձրացնել մինչեւ երկու միլիոնի: Այս քայլին փոխարէն, Ուաշինկթըն կը խոստանայ աելի ընդլայնել Իրանի մէջ իր տնտեսական ներկայութիւնը: Նշենք, թէ Թեհրան – Արեւմուտք նաւթային համաձայնութիւններէն գլխաւոր տուժողներէն մէկը պիտի ըլլայ Ատրպէյճանը:
Միացեալ Նահանգներ վեց ամիսով կրճատեց իրանական քարիւղի գնման դէմ պատժամիջոցները: Չինաստան, Հնդկաստան ու Հարաւային Քորէա այլեւս չեն ենթարկուիր Իրանի դէմ Ուաշինկթընի հաստատած առեւտրական պատժամիջոցներուն
Պատժամիջոցներու գործողութիւնը ժամանակաւորապէս դադրեցնելու մասին որոշումը ընդունուեցաւ անմիջապէս, երբ Միացեալ Նահանգներ եւ հինգ այլ տէրութիւններ Ժընեւի մէջ համաձայնութեան եկան Իրանի դէմ պատժամիջոցներու մեղմացման համար` Թեհրանի կողմէ միջուկային ծրագիրի մասնակի կասեցման դիմաց:
“Մենք կը շարունակենք պատժամիջոցներու կիրառումը յաջորդ վեց ամիսներուն, մինչեւ որ համոզուինք, որ Իրանի միջուկային ծրագիրը կ’իրականացուի բացառապէս խաղաղ նպատակով”,- կը նշուի ԱՄՆ պետական քարտուղար Ճոն Քերիի պաշտօնական յայտարարութեան մէջ: