Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախկին նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու ողջունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծին բողոքարկումը:
Ֆրանսայի Ծերակոյտը 23 Յունուարին` ձայներու 127 կողմ եւ 86 դէմ յարաբերակ֊ցութեամբ ընդունեց Ցեղաս֊պանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծը, որ կը վերաբերի Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու ժխտման քրէականացման: Ֆրանսան Հայոց Ցեղասպա֊նութենէն բացի ճանչցած է նաեւ հրեաներու ցեղասպանութիւնը` Հո֊լոքոսթը, որուն ժխտումը արդէն իսկ քրէականացած է Ֆրանսայի մէջ:
Օրինագիծին դէմ հանդէս եկած խորհրդարանականները անոր սահմանադրականութիւնը վիճարկելու նպատակով` 31 Յունուարին դիմում ներկայացուցին Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդ:
Ինչպէս կը հաղորդէ ազրպէյճանական ՙ1news.az՚ կայքը, Չաւուշ֊օղլուն ողջունած է ֆրանսացի օրէնսդիրներուն այդ քայլը եւ նշած, որ Թուրքիա յաջողեցաւ ՙամրութիւնը ներսէն քանդել: Այդ հարցին համար մեծ օգնութիւն ցուցաբերեց նաեւ Ազրպէյճանը: Մենք շատ ուժեղ լոպպիստական քարոզարշաւ իրականացուցինք ֆրանսացի պատգամաւորներու շրջանակին մէջ եւ շատ բաներու հասանք: Մենք յաջողեցանք բացատրել ֆրանսացի ծերակուտականներուն, որ այդ օրինագիծը որեւէ օգուտ պիտի չբերէ Ֆրանսային՚, ըսած է Չա֊ւուշօղլու:
Օրինագիծին Սահմանադրութեան համապատասխանելու մասին իր տեսակէտը խորհուրդը պէտք է յայտնէ մէկ ամսուան ընթացքին: