Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով խստօրէն քննադատած է Դամասկոսի Ճարամանա թաղամասին մէջ 28 Նոյեմբերին տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնները` յայտարարելով, որ նման արարքի համար որեւէ արդարացում չի կրնար ըլլալ:
Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը: Լաւրով նաեւ աւելցուցած է, որ նման անմարդկային գործողութիւնները միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, մասնաւորապէս` ՙՔայիտա՚ի մեթոտներն են: ՙՆման յանցագործութիւններու նպատակը երկրին մէջ անկայուն վիճակ ստեղծելն է՚, յայտարարած է ԱԳ նախարարը` իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնելով զոհուածներու եւ վիրաւորներու հարազատներուն:
Ճարամանայի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը քննադատած է նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն` ընդգծելով, որ որեւէ հիմք չկայ յարձակում իրականացնելու քաղաքացիներու վրայ: Ան անընդունելի համարած է կատարուած ահաբեկչութիւնը:
Սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութեան տեղեկութիւններուն համաձայն` Ճարամանա թաղամասին մէջ տեղի ունեցած պայթումներու հետեւանքով 34 մարդ զոհուած է եւ վիրաւորուած 83 մարդ: Այլ արաբական աղբիւրներ կը տեղեկացնեն 50-էն աւելի զոհերու եւ 120-էն աւելի վիրաւորներու մասին:
ՌՈՒՍԻԱՆ ԵՒ ՄԱԿ-ի ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ՔՆՆԱԴԱՏԱԾ ԵՆ ՃԱՐԱՄԱՆԱՅԻ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ