Թրքական լոպպիի ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը (LOBISAV) ՙքաղաքացիական բողոքի արշաւ՚ մը կը կազմակերպէ`1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրենց օրակարգին մէջ առնելու պատրաստ եւ ճանչցող 22 երկիրներուն դէմ: Այս մասին կը գրէ թրքական ՙԶաման՚ թերթը:Անոնք մէկ ամսուան ընթացքին 12 հազար ստորագրութիւն հաւաքած են:
Գլխաւոր կեդրոնը Ուշաինկթընի մէջ եղող Միացեալ Նահանգներու տարածքի 70 միութիւններ իր մէջ ներառած Թուրք-Ամերիկեան միութեան (ATAA) նախագահ Էրճումանթ Քըլըճ ՙԱնատոլու Աժանս՚ին պարզաբանումներ տալով`իրենց աշխատանքներուն մասին ըսած է, որ Թուրքիան կը գտնուի հայկական Սփիւռքին կողմէ մեծ մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման:
Հայերը չորս բառերէ (ծանօթացում, ճանաչում, փոխ-հատուցում, հող) բաղկացած իրենց պահանջքներէն առաջին երկուքը արդէն իրագործած եւ հասած են 3րդի ու 4րդի հանգրուանին: Քըլըճ նաեւ ըսած է. ՙՀայկական Սփիւռքը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշէմին մեծ պատրաստութիւններու մէջ է: Թուրքիոյ 97 տարիներու լռութեան պատճառով`հայերը կրցան ձեռք բերել 1915-ի դէպքերը բազմաթիւ պետութիւններու կողմէ իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալը եւ նոյնը համոզել տուին նաեւ արեւմուտքի պատմաբաններուն, իրաւաբաններուն եւ գիտնականներուն: Իսկ յառաջիկայ երէք տարիները լոպպինկի մարտավարական պատերազմներու ժամանակաշրջան է: Եթէ մամուլն ալ մեզի հետ աշխատի`այս երէք տարիներուն կրնանք հարցը փոխել ի շահ մեզի:
ՙՊէտք է աշխատանք տանինք արեւմուտքի քաղաքացիներուն մէջ: Ասկէ ետք թուրք քաղաքացիական հասարակութիւնը լուռ պէտք չէ մնայ: Այդ նպատակով սկսանք ՙթուրք քաղաքացիներու բողոքի արշաւ՚ը, որուն ծիրէն ներս Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բոլոր երկիրներուն եւ իր օրակարգին մէջ առած երկիրներուն ու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողներ զետեղած 30 երկիրներուն պիտի յղենք ՙզգուշացման՚ նամակ, իսկ Հայկական Ցեղասպանութիւնը մերժած երկիրներուն ու տեղական կառոյցներուն`ՙշնորհակալական՚ նամակ:Մէկ ամսուան ընթացքին 12 հազար ստորագրողներէն 280-ը դասախօսներ են:
Քըլեճ յայտնած է, որ ստորագրութիւնները 2015-ի Ապրիլ 24-էն մէկ օր առաջ պիտի ուղարկուին բոլոր երկիրներու նախագահներուն, վարչապետներուն, խորհրդարանի եւ ծերակոյտի նախագահներուն, Միացեալ Նահանգներու նահանգապետերուն, նահանգային խորհուրդներուն, համալսարաններու տնօրէններուն, պետական եւ գիտական կեդրոններուն: Իսկ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մերժած Պուլկարիոյ եւ Դանիոյ նախագահներուն`պիտի ուղարկուի ՙշնորհակալական՚ նամակ:
ԱԶԵՐԻԱԿԱՆ ՋՂԱՁԳՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԻԱԿ ՄԵՂԱՒՈՐՆ Է ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՁԱԽՈՂՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
ՙԼեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու ձախողման միակ մեղաւորը հայկական կողմն է: Իսկ անոր պատճառը այն է, որ Երեւանը պատրաստ չէ հակամարտութեան լուծման՚, յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ներքին կապերու վարչութեան պետ Նովրուզ Մամետով:
Ազրպէյճանական ՙԱՊԱ՚ գործակալութեան տեղեկութիւններով, Մամետով 23 Յունուարին Ռուսաստանի Սոչի քաղաքին մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսաստանի նախագահներուն միջեւ կայանալիք եռակողմ հանդիպման անդրադառնալով եւ ըսած է, թէ անոնցմէ շատ բան կախուած է: ՙՀանդիպումը ցոյց պիտի տայ, թէ ինչպէս պիտի շարունակուի բանակցային գործընթացը: Այդ հանդիպումէն ետք միայն հնարաւոր պիտի ըլլայ խօսիլ հետագայ զարգացումներուն մասին՚, աւելցուցած է ան: