Փարիզի ՙՔրտական Տեղեկատուական Կեդրոն՚ին մէջ Յունւար 10ին, երեք քրտուհիներու սպանութեան դէմª բողոքի մեծ ցոյց մը տեղի ունեցաւ Յունուար 12ին` Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ: Հակառակ անձրեւին ոչ միայն Ֆրանսայի, այլ նաեւ Եւրոպայի չորս կողմերէն ժամանած աւելի քան 15 հազար քիւրտեր, քրտական դրօշներ, Օճալանի դիմանկարը կրող պաստառներ, նաեւ սպաննուածներու պատկերները պարզելով` տողանցեցին Փարիզի փողոցներուն մէջ: Ցոյցը կազմակերպըւած էր քրտական բազմաթիւ ընկերակցութիւններու կողմէ:

Քրտական Ընկերակցութիւններու Դաշնակցութիւնը (FEYKA) այս առթիւ հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ կþըսէ. ՙԱյս յարձակումը պատահեցաւ այն պահուն, երբ Թուրքիոյ մէջ ընթացքի մէջ են քրտական հարցին լուծում որոնելու բանակցութիւնները: Ֆրանսական պետութիւնը պատասխանատուութեան իր բաժինը ունի: Եթէ չյայտնաբերուին այս ոճիրներուն հեղինակները, Ֆրանսան անվիճելիօրէն պիտի նկատուի որպէս մեղսակից՚:

Թուրքիա Հետաքննութիւն Եւ Բացատրութիւն Կը Պահանջէ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան« Ֆրանսայէն պահանջած է ՙանյապաղ՚ լուսաբանել երեք քրտուհիներու ոճիրներուն պարագաները` այն համոզումը յայտնելով, թէ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան ¥ՓՔՔ¤ի ներքին հաշւեյարդարի հետեւանք է պատահածը: Էրտողան դրդապատճառն ալ տուած է ատոր նշելով, որ արարքը հաւանօրէն գործուած է` կասեցնելու միտումով ՓՔՔի եւ Անքարայի միջեւ գործադրուող խաղաղութեան ջանքերը:

Էրտողան Կը Քննադատէ Հոլանտը

Էրտողան նաեւ խստօրէն քննադատած է նախագահ Հոլանտը, որ յայտարարած էր, թէ կը ճանչնար սպաննուած կիներէն մէկը: Ան կþըսէ© ՙՖրանսայի նախագահը պէտք է կարենայ բացատրել թրքական եւ միջազգային հանրային կարծիքին, թէ ինչո՞ւ հանդիպում ունեցած էր ահաբեկչական կազմակերպութեան մը անդամի մը հետ՚, աւելցնելով© ՙԻ՞նչպէս կրնայ կանոնաւորաբար հանդիպում ունենալ մարդոց հետ, որոնք անդամներն են Եւրոպական Միութեան կողմէ որպէս ահաբեկչական նկատուող կազմակերպութեան մը եւ որուն դէմ Ինթերփոլը հետախուզութիւն յայտարարած է՚: ՙԻ՞նչ է այս քաղաքականութիւնը՚, զայրացած է Էրտողան:

Դիազննութեան առաջին արդիւնքներէն յայտնի դարձած է, որ երեք կիներէն իւրաքանչիւրը բազմաթիւ փամփուշտներ ստացած է գլխուն: