ՄԱԿ` ՙԺԸՆԵՒ-2՚ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ 22 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ
ՄԱԿ-ի պաշտօնակատար մը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ հակամարտութիւնը կարգաւորելու նպատակով ՙԺընեւ-2՚ խորհըրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 22 Յունոարին: Աղբիւրը նշեց, թէ Սուրիոյ իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը պիտի մասնակցին խորհրդաժողովին: Ժընեւի մէջ, Ռուսիոյ փոխարտաքին գործոց նախարար Ալեքսէյ Պոկտանով անջատ հանդիպումներ ուեցաւ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը եւ քիւրտերը ներկայացնող պատուիրակութիւններու հետ:


Սուրիոյ բանակը յաջողեցաւ ետ մղել Դամասկոսի մատոյցներուն մօտ ծայրայեղականներուն յարձակումը: Վերջին 48 ժամերուն ծանր բախումներ տեղի կ'ունենան բանակին եւ ծայրայեղականներուն միջեւ: Կարգ մը շրջաններու բնակիչներ պատանդ դարձած են ծայրայեղականներուն մօտ: ՙԱսոշիյէթըտ Փրէս՚ լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ առնուազն ութսուն դանիացիներ կը կռուին ծայրայեղականներու կոքին: Անոնց միջին տարիքը 16-25-ի միջեւ է:


Մեծ Բրիտանիոյ մէջ հրապարակուած տուեալներուն համաձայն` Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին զոհուած են 11 հազարէն աւելի անչափահասներ: Լոնտոնի մէջ գործող Օքսֆորտեան հետազօտական խումբի տուեալներով` անոնց մեծ մասին մահուան պատճառ դարձած են տարբեր բնակավայրերու ռմբակոծութիւնները եւ հրթիռակոծութիւնները, սակայն հարիւրաւոր դեռահասներ դիպուկահար կրակոցներու զոհ դարձած են, հարիւրաւոր երախաներու նկատմամբ ալ կիրառուած են նոյնիսկ խմբակային մահապատիժներ եւ կտտանքներ: