ԹԵՀՐԱՆ ՙՎԵՑԵԱԿ՚ԻՆ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ՀՐԱՒԷՐԻՆ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱԾ

Եւրոպական Միութեան ար֊տաքին գործոց եւ անվտանգու֊թեան հարցերով գերագոյն յանձ֊նակատար Քաթրին Աշթըն յայտարարած է, որ պաշտօնա֊կան Թեհրանը դեռ չէ պատաս֊խանած Իրանի միջուկային խնդրով ՙվեցեակ՚ի (Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Ռուսաստան, Չինաս֊տան, Գերմանիա) հետ բանակցութիւնները վերսկսելու հրաւէրին:

ՙԱռ այժմ պատասխան չեմ ստացած՚, Եւրոպական խորհրդարա֊նին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին յայտարարած է Աշթըն եւ աւելցուցած, որ Թեհրանի առջեւ ՙբանակցութիւններու համար դուռերը տակաւին բաց են՚:

Անցեալ Հոկտեմբերին Աշթըն ՙվեցեակ՚ի անունով նամակ ուղարկած էր Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Սայիտ Ճալալիին: Նամակին մէջ կը խօսուէր այն մասին, որ ՙվեցեակ՚ի բանագնացները Թեհրանի հետ պիտի վերսկսին բանակցութիւնները, եթէ Իրանը ապացուցէ, որ իր միջուկային ծրագիրը ՙռազմական նպատակներ չի հետապնդեր եւ խաղաղ բնոյթ կը կրէ՚:

Իրանի իշխանութիւններն ալ յայտարարած էին, որ բանակցութիւններու ձեւաչափին առընչութեամբ Աշթընին նամակ պիտի ուղարկեն, ապա պիտի վերսկսին բանակցութիւնները:

Աւելցնենք, որ պաշտօնական Թեհրանը վերջերս պարբերաբար յայտարարած է, թէ պատրաստ է վերսկսելու ՙվեցեակ՚ին հետ բանակցութիւնները (Իրանի եւ ՙվեցեակ՚ի միջեւ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են Դեկտեմբեր 2010-ին Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ եւ Յունուար 2011-ին` Սթամպուլի մէջ):