Նախագահ Հոլանտ Յունուար 11ին, պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Ֆրանսա կը միջամտէ իր նախկին գաղթավայրին` Մալիի մէջ: Այս միջամտութիւնը կը կատարուի ընդառաջելով Մալիի նախագահին դիմումին, եւ կþարդարացուի որպէս իսլամական ահաբեկչութեան յառաջխաղացքը կանխելու կամ կասեցնելու գործողութիւն: Արդարեւ, գլխաւորաբար Ալ-Քաիտայի` շրջանի ճիւղաւորումներէն բաղկացած իսլամապաշտ ուժերը, օգտուելով Մալիի մայրաքաղաք Պամաքոյի մէջ 2012 Մարտին տեղի ունեցած պետական հարուածէն, գրաւած էին երկրին ամբողջ հիւսիսային շրջանը, որ գրեթէ բոլորովին անապատային է: Յունուար 10ին ալ, յաջողած էին գրաւել Մալիի կեդրոնը գտնուող Քոնայի շրջանը, որ ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, քանի կը նկատուի վերջին պատնէշը Մոփթիէն առաջ, որ շրջանի գլխաւոր քաղաքն է, երկրին անապատային շրջանէն շուրջ 50 քմ. հեռաւորութեան, դէպի հարաւ ճամբուն վրայ: Նոյն իրիկունը Պամաքօ զինուորական նեցուկ խնդրած էր Ֆրանսայէն: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդն ալ, որ ժողով գումարած էր` ընդառաջելով Ֆրանսայի դիմումին, ՙծանրակշիռ վատթարացում՚ նկատած էր Մալիի իրավիճակին մէջ:
Յաջորդ իրիկուն` Յունուար 11ին, արդէն կը յայտարարուէր, թէ ֆրանսական օդուժին ալ աջակցութեամբ` երկրին կանոնաւոր բանակը յաջողած էր ազատագրել այդ քաղաքը: Կþըսուէր, թէ սպաննուած էին աւելի քան 100 ապստամբներ, Մալիի բանակն ալ ունեցած էր կորուստներ, կային նաեւ զոհեր բնակչութեան մէջ:
Նախագահ Հոլանտ այս միջամտութիւնը տեղեկացնող իր յայտարարութեան մէջ ըսաւ, թէ Ֆրանսա կը դիմէ այս քայլին` միջազգային իրաւունքի օրինականութեան սահմաններուն մէջ: ՙԱյս բարեկամ երկրին գոյութիւնն իսկ խնդրոյ առարկայ դարձած է, նաեւ ապահովութիւնը` անոր բնակչութեան եւ մեր 6.000 քաղաքացիներուն, որոնք հոն կը գտնուին՚, աւելցուց Հանրապետութեան նախագահը եզրակացնելով. ՙՀետեւաբար այս յետմիջօրէին` ֆրանսական օդուժը իր աջակցութիւնը բերաւ մալիի միաւորներուն` պայքարելու համար ահաբեկիչ այդ տարրերուն դէմ՚: Հոլանտ նշեց նաեւ, թէ այս գործողութիւնը պիտի տեւէ այնքան ատեն, որ հարկ ըլլայ:
Ֆրանսական ճակատի վրայ չնչին բացառութիւններով, համախոհութիւն կը տիրէ այս միջամտութեան շուրջ: Ինչ կը վերաբերի միջազգային ճակատին Մեծն Բրիտանիա իր արտաքին գործոց նախարարին` Ու Հէկի միջոցով, անմիջապէս իր անվերապահ համաձայնութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնեց Ֆրանսայի: Եւրոպական Միութեան Արտաքին հարցերու գլխաւոր պատասխանատու Գեթրին Էշթըն ալ կոչ ըրաւ, որ արագացուի միջազգային ներգրաւումը: Ուաշինկթըն կը յայտարարէր, թէ պիտի մտածէ որոշելու համար Մալեան հարցին նկատմամբ իր որդեգրելիք դիրքորոշումը, օժանդակութեան բնոյթն ու չափը:
Ֆրանսացի Պատանդներու Հարցը
Այս միջամտութիւնը իր տրամաբանական եւ սովորական բարդութիւններէն անդին, կը յարուցանէ ուրիշ մըն ալ` ֆրանսացի 8 պատանդներու պարագան, որոնք կը գտնըւին իսլամապաշտ խմբաւորումներու ձեռքը: ՙԻսլամական Մաղրէպի Ալ-Քաիտա՚յի (AQMI) պատասխանատուներէն մէկը համացանցէն սփռուած տեսաերիզով մը, միջամտութիւնը դադրեցնելու կոչ կþընէր Ֆրանսայի սպառնալով, որ ՙհակառակ պարագային դուք պիտի փորէք ձեր զաւակներուն գերեզմանը՚:
Պատանդներէն Մէկը Արդէն Սպաննուա՞ծ Էª Ձախող Միջամտութենէ Մը Ետք
Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարարը` Ժան-Իւ Լը Տրիան, Յունուար 12ին յայտարարեց, թէ Ուրբաթէն Շաբաթ գիշերուան ընթացքին` Ֆրանսական Գաղտնի սպասարկութեան (DGSE) զօրքերը յատուկ գործողութեամբ մը փորձած էին փրկելª Սոմալիի մէջ 2009 Յուլիս 14էն ի վեր իսլամապաշտ ահաբեկիչներու ձեռքը պատանդ գտնուող Տընի Ալեքսը: Բայց այս միջամտութիւնը կատարեալ ձախողութեամբ մը աւարտած էր, քանի պատանդը եւ ֆրանսացի երկու զինուորներ Սպաննուած էին: Ահաբեկիչներէն ալ սպաննուած էին 17ը: Իսկ ահաբեկիչներուն կատարած հաղորդագրութենէն ստացուած պատկերը ա՛լ աւելի ծանր է: Անոնք կþըսեն. ՙՖրանսացի բազմաթիւ զինուորներ սպաննուեցան, մեծ թիւով ուրիշներ ալ վիրաւորուեցան` պայքարը լքելէ առաջ: Տեղւոյն վրայ թողեցին կարեւոր ռազմական սարքեր, նոյնիսկ իրենց ընկերներէն մէկը, որ վիրաւորուած էր: Ֆրանսացի վիրաւոր զինուորը հիմա Մուճահիտիններու հսկողութեան տակ է, իսկ Ալեքս` կռիւներէն հեռու, ապահով տեղ մը կը գտնուի՚:
Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ« որ վիրաւոր եւ պատանդ ֆրանսացիներն ալ սպաննուած են: