ՄՈՍԱՏԻ ՊԵՏԸ ԳԱՂՏՆՕՐԷՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՅՑԵԼԱԾ Է
Լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, թէ իսրայէլեան գաղտնի գործակալութեան` Մոսատի պետ Թամեր Պարտօ Ուաշինկթընի մէջ պետական բաձրաստիճան պատասխանատուներու հետ հանդիպած եւ քննարկած է զանազան հարցեր` Իսրայէլի կողմէ Իրանին հասցուե֊լիք զինուորական հարուածի մը կարելիութեան շուրջ:
Իսրայէլի հեռատեսիլի 2-րդ կայանը հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Հետախուզական Գործակալութեան` Սի.Այ.Էյ.-ի պետ Տէյվիտ Փեթրայոս եւ Ազգային Հետախուզութեան պետ Ճէյմզ Քալաֆար մասնակցած են հանդիպման:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան ապահովա֊կան յանձնախումբի պետ Տայան Ֆայնշթայնի կողմէ Քալաֆարի ուղ֊ղուած հարցին, թէ Իսրայէլ Իրանը պիտի հարուածէ՞, վերջինս պա֊տասխանած է, որ կը նախընտրէ այդ մէկը փակ նիստի մէջ քննարկել:
Ֆայնշթայն իր պատասխանին մէջ նշած է, թէ ան Ուաշինկթընի մէջ Մոսատի պետ Պարտոյի հետ հանդիպած է: Սի.Այ.Էյ.-ի պետն ալ նոյնը նշած է:
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ԿՐՃԱՏԵԼ
Եգիպտոսի Խորհրդատուական Խորհուրդի լաւատեղեակ աշբիւրներ յայտնեցին, թէ Եգիպտոսի Զինուորական խորհուրդը մերժած է այն պահանջները, որոնք կ’ուզեն փոխանցման շրջանը կրճատել:
Նոյն աղբիւրները ըսին, թէ Խորհրդատուական Խորհուրդը բաւականացաւ վերջին հանդիպմամբ եւ որոշեց այլ ժողով չհրաւիրել, որովհետեւ առաջարկներու շուրջ համամտութեան եկած են եւ զանոնք բարձրագոյն խորհուրդին ուղարկած:
Այդ առաջարկները կ’ամփոփուին 1 Մարտին նախագահութեան պաշտօնին թեկնածու ներկայանալու, իսկ նախագահական ընտրութիւնները յառաջիկայ 16 Մայիսին կայացնելու փոխան Յունիսի, որով իշխանութիւնը Յունիսին սկիզբը կը փոխանցուի ընտրեալ նախագահին փոխան Յուլիսի սկզբնաւորութեան:
Նշենք, որ զինուորական խորհուրդը անցեալ 19 Դեկտեմբերին խորհրդարանին բացակայութեան նախագահական ընտրութեանց օրէնքը հրապարակած էր, որ մեծ աղմուկ հանած էր անոր սահմանադրականութեան շուրջ, նաեւ ժամանակի ընտրութեան դրդապատճառներուն վերաբերեալ:
ՉԻՆԱՍՏԱՆԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՋՆԱԿԱՐԳ ՈՍԿԻ ԱՐՏԱԴՐՈՂՆ Է
Չինաստանի մէջ անցեալ տարի ոսկիի արտադրութիւնը մրցանիշային նոր թիւ մը հաստատեց, որ զայն հինգերորդ տարին անընդմէջ դեղին մետաղը արտադրող աշխարհի առաջնակարգ դիրքին վրայ պահեց:
Չինաստանի Ոսկիի Միութիւնը յայտնեց, թէ մինչ ոսկիին գինը 2010-ին մօտաւորապէս 30 առ հարիւր, իսկ 2011-ին 10 առ հարիւր աւելցաւ, Չինաստանի ոսկիի արտադրանքը 2011-ին 5.89 առ հարիւրով աւելցաւ` հասնելով 360.91 թոնի:
Միութիւնը աւելցուց, թէ ոսկիի արտադրանքին առեւտուրը Շանկհայի սակարանին մէջ 53.45 առ հարիւր աւելցաւ` հասնելով 2480 միլիառ եուանի (298 միլիոն եւրօ): Անոր արտադրանքը Հարաւային Ափրիկէի 2007-ի արտադրածն ալ անցաւ:
Չինաստանը համաշխարհայնօրէն առաջին տեղը կը գրաւէ դեղին մետաղի սպառման գծով: Ոսկիի պահեստներուն մօտաւորապէս 60 առ հարիւրը Չինաստանի 32 նահանգներէն եւ շրջաններէն 5-ին մէջ կը գտնուին` երկրին զանազան կողմերը:
73 ՄԵՌԵԱԼՆԵՐ ԵՒ ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՈՏՆԱԳՆԴԱԿԻ ՄՐՑՈՒՄԻ ՄԸ ԱՒԱՐՏԻՆ
Եգիպտոսի Փոր Սաիտի ոգտնագնդակի մարզադաշտին վրայ ծագած անկարգութիւնները 73 մեռեալներու եւ հարիւրաւոր վիրաւորներու պատռաճ դարձած, երբ իրաւարարը Մասրի խումբին Ահլիի դէմ 3-1 յաղթանակը հաստատող խաղին աւարտի ազդարարումը սուլեց:
Յաղթական խումբին համակիրները դաշտ իջնելով պարտեալ խումբի համակիրներուն վրայ յարձակեցան քարերով, շիշերով եւ պայթուցիկներով: Յստակօրէն չգիտցուեցաւ այս խառնակչութեանց պատճառը, սակայն ականտեսներ ըսին, թէ դաշտին մէջ գրգռիչ պաստառներ պարզուած էին յաղթական խումբին դէմ:
Այս դէպքը անմիջապէս քաղաքական երանգ ստացաւ, երբ Եգիպտոսի իշխող Ազատութիւն եւ Արդարութիւն կուսակցութիւնը (Իսլամ Եղբայրներ)` ամբաստանեց նախկին վարչակարգի մնացուկները այս խառնակչութիւնը ստեղծելու մէջ:
Նոյն կուսակցութեան պատկանող Եգիպտոսի խորհրդարանի նախագահ Սաատ Քաթաթնի խորհրդարանի արտակարգ նիստ հրաւիրեց այս հարցը քննարկելու, մինչ կոչեր եղան ներքին գործոց նախարարը եւ Փոր Սաիտի նահանգապետն ու ապահովութեան տնօրէնը պաշտօնանկ ընելու:
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ Կ’ԱՌԱՋԱՐԿԵՆ ՓՈԽԵԼ ԻՐԵՆՑ ԵՐԿՐԻՆ ԱՆՈՒՆԸ
Ազրպէյճանի պատգամաւորները երէկ գումարուած նիստին ըն֊թացքին առաջարկած են փոխել իրենց երկրին անունը: Այս մասին կը յայտնէ ազրպէյճանական ՙՍալամՆիուզ՚ լրատու գործակալութիւնը:
Երեսփոխան Սիյավուշ Նովրուզով յայտնած է, որ վերջին շրջանին հասարակութեան մէջ կը հնչեն երկիրը Հիւսիսային Ազրպէյճան կոչելու կարծիքներ: ՙՀամաշխարհային փորձառութեան մէջ գոյու֊թիւն ունին Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէա, Հիւսիսային եւ Հա֊րաւային Կիպրոս: Աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար Ազրպէյ֊ճանը իբրեւ մասնատման ենթարկուած պետութիւն, անուանել Հիւսիսային Ազրպէյճան՚, ըսած է ան:
Այլ երեսփոխան մը` Հուտրաթ Հասանղուլիեւ նշած է, որ Ազրպէյ֊ճանի երեք քառորդը կը պատկանի Հարաւային Ազրպէյճանին, իսկ մէկ քառորդը` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան: ՙԱյդ պատճառով պէտք է փոխել մեր երկրին անունը` զայն դարձնելով Հիւսիսային Ազրպէյճան՚, ըսած է ան:
Ըստ անոր 1813-ի Կիւլիստանի եւ 1828-ի Թուրքմենչայի համա֊ձայնագիրները պէտք է անվաւեր հռչակուին, որովհետեւ ՙչեն հա֊մապատասխաներ ազրպէյճանական ազգային շահերուն՚:
Երեսփոխան Ֆարաճ Կիւլիեւ իր կարգին նշած է, որ 1991-ին անկախութեան մասին հռչակագիրի որդեգրման ժամանակ ինք այդպիսի առաջարկ մը կատարած է եւ այժմ դարձեալ այդ հարցին ՙվերակենդանացման՚ կողմնակից է: