ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ Կ
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մերի Հարֆ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն խորապէս մտահոգ է իր տուներէն հեռանալու պարտադրուած Քեսապի հայութեան կացութեամբ` կոչ ընելով պաշտպանելու յատկապէս բոլոր քաղաքացիներն ու անոնց սրբավայրերը:
ՙԻնչպէս յաճախ կրկնած ենք, Սուրիոյ տագնապին ընթացքին քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ սպառնալիքները կը դատապարտենք: Այդ հարցը քննուեցաւ նաեւ նախագահ Օպամայի եւ Ֆրանսիսկոս Ա. Պապի միջեւ հանդիպման ընթացքին: Քեսապի մէջ կռուող որոշ կողմեր կը յայտարարեն, թէ քաղաքացիները թիրախ պիտի չդարձնեն ու պիտի յարգեն փոքրամասնութեանց իրաւունքներն ու անոնց սրբատեղիները: Կը յուսանք, որ անոնք կը յարգեն այս խոստումները:



Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պիտի շարունակեն նեցուկ կանգնիլ Սուրիոյ եւ ամբողջ շրջանին մէջ բռնարարքներէն վնասուած կողմերուն, ներառեալ սուրիացիներուն եւ հայերուն: Երկար ատենէ ի վեր մտահոգ էինք վայրագ ծայրայեղականներու սպառնալիքներով, եւ Սուրիոյ հայ համայնքին դիմագրաւած այս վերջին սպառնալիքը կու գայ հաստատելու մեր մտահոգութիւնը՚, աւելցուց Հարֆ: