Թուրքիա կը պատրաստուի Իրաքի մէջ յարանուանական լարուածութիւնները մեղմացնելու նպատակով` Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք ժողովի մը ընթացքին Իրաքի սիւննի եւ շիի ղեկավարները սեղանի շուրջ հաւաքել: Այս մասին կը յայտնէ թրքական ՙՍապահ՚ օրաթերթը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ գումարուող ժողովը տեղի պիտի ունենայ այս Փետրուարի վերջաւորութեան: Այս քայլով Թուրքիա կը ձգտի ստեղծել միջազգային մարմին մը, որ սեղանի շուրջ կը հաւաքէ շրջանին տարբեր խմբաւորումները: