Ապահովական գաղտնի խորհրդաժողովը ՙԵու Թիւպ՚ի վրայ բացայայտուելու պատճառով, թրքական իշխանութիւնները ձերբակալեցին Կիւլենի շարժումին համակիր լրագրող մը: Նախագահ Ապտուլլա Կիւլ ըսաւ, իշխանութիւնները ներող պիտի չըլլան գաղտնալսումը կազմակերպողներուն հանդէպ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլու հաստատեց ՙԵու Թիւպ՚ի վրայ բացայայտուած ժողովին իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններ հրահրելու մասին խորհրդակցութիւնները, սակայն պնդեց, թէ անոր մէջ որոշ հատուածներ փոխուած են:
Վարչապետ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան ՙբժիշկներու խրատով՚` լուսարձակներէ հեռու կը մնայ նորագոյն գայթակղութենէն: Ան խոստացաւ հետաքննութիւն մը բանալ գաղտնի խօսակցութեան բացայայտման շուրջ, զայն որակելով ՙդաւաճանութիւն՚:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ պետական հաստատութեան մը մէջ ապահովական զգայուն հարցերու քննարկումը գաղտնօրէն ձայնագրելը եւ հասարակութեան ներկայացնելը` ՙստոր յարձակում մըն է Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան վրայ եւ համարժէք է դաւաճանութեան՚:
Նշենք, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 27 Մարտին որոշեց արգիլել համացանցային ՙԵուԹիւպ՚ ցանցի օգտագործումը, որովհետեւ անոր վրայ տեղադրուած էր Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան մը դիմելու մասին Թուրքիոյ սպայակոյտի պետի տեղակալ Եաշար Կիւլերի, Ազգային հետախուզութեան ծառայութեան պետ Հաքան Ֆիտանի, Տաւուտօղլուի եւ անոր օգնական Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի միջեւ խօսակցութեան արձանագրութիւն մը, ուր բացայայտ է, թէ Տաւուտօղլու Սուրիոյ դէմ պատերազմ սկսելու առիթներ կþորոնէ` Սուրիոյ սահմաններէն ներս գտնուող Սուլէյման շահի դամբարանի հարցին պատճառով: Խօսակցութիւնը տեղի ունեցած է Տաւուտօղլուի գրասենեակին մէջ:
Թուրքիա նախապէս սպառնացած էր հակադարձել Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիրի մեծ հօր` Սիւլէյման շահի, հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող դամբարանին դէմ կատարուելիք որեւէ յարձակումի: Անգարան, 1921ին Ֆրանսայի հետ կնքուած համաձայնութեամբ մը, դամբարանը իբրեւ թրքական գերիշխան հողատարածք կը նկատէ: Թրքական մասնայատուկ ուժերու տասնեակ մը անդամներ մնայուն կերպով կը պահպանեն Հալէպի հիւսիս-արեւելքը գտնուող այդ վայրը:
Իշխանութեան համակիր շրջանակները, Թուրքիոյ տեղական ընտրութեանց սեմին գայթակղութիւն մը եւս հրահրած այս արձանագրութեան հրապարակումին մէջ կը տեսնեն Ֆեթհուլլա Կիւլենի «Հիզմեթե շարժումին մատնահետքերը, սակայն շարժումէն պատասխանատու մը անհեթեթ նկատեց այս ամբաստանութիւնը:
Հինգշաբթի օրուան բացայայտումը ցոյց կու տայ, թէ հակառակ այդ բոլորին` Անգարա տակաւին կարողութիւնը չունի Թուրքիոյ մէջ բարձրագոյն մակարդակի հանդիպումներն իսկ գաղտնի պահելու:
ԿԻՒԼ` ՆԵՐՈՂ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՆՔ ԳԱՂՏՆԱԼՍՈՒՄՆԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ