Սահմանադրական Դատարանին մէջ սկսաւ ՙԿուտակային կենսաթոշակների մասին՚ օրէնքի կարգ մը կէտերու սահմանադրականութեան հարցի քննութիւնը:
Դիմումը դատարան ներկայացուցած են չորս ոչ իշխանական ուժերն ու ՙԴէմ եմ՚ նախաձեռնութեան անդամները: Անոնց հիմնական պահանջը պարտադիր կուտակային համակարգի պարտադիր բաղադրիչը հակասահմանադրական նկատելն է:
Միւս կողմէ ճերմակ ու թափանցիկ ժապաւէններով փակելով աչքերը` ՙԴէմ եմ՚ նախաձեռնութիւնը լուռ ու խորհրդանշական ցոյց մը կատարեց Սահմանադրական Դատարանին դիմաց:
Նախաձեռնութեան պատասխանատուները յայտնեցին, թէ Սահմանադրական Դատարանին որոշումէն կախեալ պիտի ըլլայ իրենց յաջորդ քայլը:
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՍԿՍԱՒ ՔՆՆԱՐԿԵԼ ԿՈՒՏԱԿԱՅԻՆ ԿԵՆՍԱԹՈՇԱԿՆԵՐՈՒ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ