
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածեց, Իրանի միջուկային ծրագիրի շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութեան վերաբերեալ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց համաձայնութիւնը դիտել տալով, որ անիկա լաւ լուր մըն է համայն միջազգային հանրութեան համար: Յայտարարութիւնը ընդգծեց, թէ Հայաստան միշտ ալ արտայայտուած է հակամարտութիւնները երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու ճանապարհով լուծելու ի նպաստ: Միւս կողմէ Նալպանտեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Հոլանտայի նորանշանակ դեսպան Հանս Հորպախի հաւատարմագրերը: