Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապ֊եանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Յա֊րութ Երկանեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Կարէն Կակոյեան:
Հանդիպման ընթացքին Յակոբեան ներկայացուց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները ընդգծելով, որ ՙկ’ակըն֊կալուի ՌԱԿ-ի աշխոյժ մասնակցութիւնը նախարարութեան բոլոր ծրագիրներուն՚:
Ընկ. Խարապեան իր հերթին ներկայացուց կուսակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներն ու աշխատանքները: Շեշտադրուեցաւ Հայաստանի տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուող զարգացման ծրագիրներուն կուսակցութեան հնարաւոր մասնակցութիւնը: