Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան 13 Նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժան-Փիեռ Բէլի հետ:
Հանդիպման ընթացքին երկուստեք ընդգծուած է, որ դարերու պատմութիւն ունեցող հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու բարեկամութիւնը« Հայաստանի անկախութենէն ի վեր վերածւած է երկու պետութիւններու փոխշահաւէտ սերտ գործընկերութեան եւ քաղաքական աշխոյժ երկխօսութեամբ յատկանըշւող բարձր մակարդակի յարաբերութիւններու: Այդ յարաբերութիւններուն մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժան-Փիեռ Բէլի համոզմամբ, կարեւոր եւ մեծ դերակատարութիւն ունին բացառիկ ջերմ միջխորհրդարանական կապերն ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը: Յատկապէս ընդգծուած է Ֆրանսա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու գործունէութիւնը:
Զրուցակիցները երկու երկիրներու համագործակցութեան կարեւոր բաղադրիչ համարած են Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ ապակեդրոնացած մակարդակով փոխգործակցութիւնը եւ ուրախութեամբ արձանագրած են այդ ոլորտին մէջ ձեռք բերուած յառաջընթացը: Անոնք նշած են, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի 60է աւելի քոյր քաղաքներու եւ շրջաններու միջեւ հաստատուած են բարեկամական կապեր, որոնց շրջանակներուն մէջ ամէն տարի կ'իրականացուին բազմաթիւ համատեղ ծրագիրներ կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Հայաստանի նախագահը եւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահը կարեւոր նկատած են նաեւ միջազգային գետնի վրայ երկու երկիրներու փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը:
Հանդիպման ժամանակ Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի անունով երախտագիտութիւն յայտնած է Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն, անոնց շարքին Ծերակոյտին` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքին ընդունման համար:
Փարիզի մէջ աւարտելով իր պաշտօնական հանդիպումները` Նախագահ Սերժ Սարգսեան մեկնած է Լիոն, ուր հանդիպում ունեցած է Լիոնի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժերար Գոլոմպի հետ:
Լիոնի մէջ նախատեսուած է նաեւ Նախագահին հանդիպումը Ֆրանսայի գործարար համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: