Հ.Հ. վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է Հ.Հ. Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ թագաւորութեան նորանշանակ արտակագ եւ լիազօր դեսպաններ Ճոնաթան Ճէյմս Էյվզին եւ տիկին Քեթրին Ճէյն Լիչին: Հանդիպումին ընթացքին վարչապետը նշած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է Մեծն Բրիտանիոյ հետ յարաբերութիւնները խորացնելու: «Շատ բան կախեալ է ձեր աշխատանքէն: Առաջին հերթին կարեւոր է, որ Մեծն Բրիտանիոյ դիւանագիտութիւնը տարածաշրջանին մէջ ապահովէ ծրագրուած մօտեցում: Մենք նաւթ չունինք, սակայն ունինք այլ աղբիւրներ՝ աւելի սուղ եւ կարեւոր», ըսած է Սարգսեան: