ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ  ԿԸ ԽԱՆԳԱՐԵՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Նոր կառավարութիւն չկազմելը բոլորեց իններորդ ամիսը: Ան կը մնայ երկիրը յուզող ամենահրատապ օրակարգը: Հանրապետութեան նախագահին եւ նորանշանակ վարչապետին համար բաւական յստակ դարձած է, որ օտար ազդեցութիւններ պատճառ կը դառնան անոր ուշացումին: Տեղական ուժերէն ոչ ոք ցանկութիւն ունի անսալու կազմութեան կոչերուն, սպասելով դուրսի ազդանշաններուն: Կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին զուգահեռ, նոյնքան մտահոգիչ կացութիւն մը կը պարզէ երկրին ապահովական իրավիճակը, ուր ընդհատումներով բախումներ կ'արձանագրուին Թրիփոլիի եւ պաղեստինեան գաղթակայաններու մէջ:


Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զարմանք յայտնեց 9-9-6 տարազով կառավարութիւն մը մերժելու` Մարտ 14-ի ուժերուն կեցուածքին: Պըրրի ընդգծեց, թէ նման կազմի մը պարագային, Մարտ 8-ի ուժերը պիտի չունենան արգելակող մէկ երրորդի կարելիութիւն: Պըրրի դարձեալ շեշտեց Թեհրան- Ռիատ մերձեցման անհրաժեշտութիւնը: Ան յայտնեց, թէ մօտ օրէն հանդիպում մը պիտի ունենայ Մուսթաքպալ Հոսանքի պետ Ֆուատ Սինիորայի հետ: Պըրրի զարմանք յայտնեց Լիբանանի ծովային հարստութիւններուն նկատմամբ Իսրայէլի ոտնձգութիւններուն դիտել տալով, որ Ուաշինկթընէն պահանջած է ճերմակ` յստակ գիծով բաժնել Իսրայէլի հետ ծովային սահմանը:


Կառավարական եւ ապահովական անորոշութիւնը անտեսելով, քաղաքական կարգ մը հոսանքներ թեթեւ կրակի վրայ սկսած են քննարկել նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններու թղթածրարը: Ոմանք իշխանութեան մէջ գոյանալիք հաւանական պարապութիւն մը կանխելու մտահոգութեամբ, արդէն իսկ քուլիսային բանակցութիւններ կը վարեն տարբեր խմբաւորումներու հետ: Ուրիշներ ալ այլ նպատակներով:

Այս ծիրին մէջ, Մուսթաքպալ Հոսանքի պետ Ֆուատ Սինիորա յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Պքերքէ եւ խորհրդակցութիւն մը ունենայ մարոնիներու Պշարա Ռաաի կարտինալին հետ: Պըքերքէի մօտիկ աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Ռաաի կը պահանջէ սահմանադրականօրէն ճշդուած ժամկէտին կայացնել ընտրութիւնները: Ան միաժամանակ կը նախընտրէ եօթ անուններէ բաղկացած թեկնածուներու ցանկ մը կազմել եւ խորհրդարանին ձգել մնացեալը: