Ընտրական օրէնքի վաւերացման գծով խորհրդարանական սեղմ Յանձնախումբը երէկ առաւօտեան գումարեց իր քննարկումներու առաջին հանգրուանի վերջին նիստը« կնքեց անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներու ատենագրութիւնը եւ զայն փոխանցեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին: Մինչ այդ կը շարունակուին մեկնաբանութիւնները յոյն ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծին կապակցութեամբ:

Խորհրդարանի արդարադատական հարցերու պատասխանատու Ռոպեր Ղանեմ ընտրական օրէնքի սեղմ Յանձնախումբի ներկայացուցած ատենագրութիւնը յանձնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին: Յանձնախումբի երէկուան նիստի աւարտին Ղանեմ յայտարարեց« որ իրենք քննարկած են նախապէս արծարծուած առաջարկները եւ քննարկումները պիտի շարունակուին գիշերային նիստի ընթացքին:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայել յայտնեց« որ իրենք առաջարկած են ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծը գործադրել մեծամասնական եւ ոչ համամասնական դրութեամբª փառատելու համար Մուսթաքպալ հոսանքի մտավախութիւնները: Եթէ չենք ուզեր յարանւանական օրէնք որդեգրել« անհրաժեշտ է այլընտրանքներ առաջադրել« սակայն կտրականապէս կը մերժենք ներկայանալ նախկին օրէնքով« ըսաւ Ժեմայել:

Երեսփոխան Ահմատ Ֆաթֆաթ մերժեց համամասնական դրութեան վրայ հիմնըւած որեւէ օրինագիծ: Անոր խօսքով երէկ առաջին անգամ ըլլալովª քննարկուեցաւ մեծամասնական դրութեամբ փոքր ընտրատեղամասերու օրինագիծը:

Երեսփոխան Ալէն Աուն նշեց« որ քննարկումները պէտք է շարունակուին լուծում գտնելու բոլորին հաւանութեան արժանացած ընտրական օրէնքին:

Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սեմիր Ժաաժաա« մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց« թէ կարելի է քննադատել օրինագիծ մը« սակայն ճիշդ չէ այլ ընտրանքներ չներկայացնել: Բազմաթիւ կողմեր կը պահանջեն ընտրական այլ օրէնքի մը ներկայացումը« 1960ի օրէնքը մերժելի գտնելով: Կþընդունինք« որ ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծը ունի բացթողումներ« սակայն պէտք է ներկայացուին այլ առաջարկներ« ըսաւ Ժաաժաա: Անոր խօսքով« փոքր ընտրատեղամասերու օրինագիծը չէ արժանացած աւելի քան 55 երեսփոխաններու զօրակցութեան: Չի բաւեր օրինագիծ առաջարկել« այլ պէտք է ապահովել 65 երեսփոխաններու զօրակցութիւնը: Մուսթաքպալ Հոսանքը կը մտածէ այլընտրանքներու մասին« սակայն խնդիրը իր մօտ չէ« ըսաւ Ժաաժաա վերահաստատելով« որ ընտրական օրինագիծի հարցը սեպ պիտի չխրէ 14 Մարտի ուժերուն միջեւ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին յայտարարեց« որ համամասնութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը կը համարուի քաղաքական եւ ժողովրդավարական կեանքի զարգացման առաջին քայլը: Պըրրի զօրակցութիւն յայտնեց ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծին« որովհետեւ ան արժանացած է քրիստոնեաներու մեծամասնութեան աջակցութեան: Իսկ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի բոլորին զգուշացուց ազգային համագոյակցութիւնը վտանգելու« Թաէֆի համաձայնութեան կանոնները խախտելու եւ ազգային հաւասարակշռութիւնը խանգարելու վտանգաւոր հետեւանքներէն:

Ակնարկելով Միքաթիի արտայայտութիւններուն« յոյն ուղղափառ հանդիպումի առաջարկած օրինագիծը կը համարուի որպէս պանանի կեղեւ« որուն վրայ երկիրը պիտի սահի դէպի անդունդ: Արդեօ՞ք ուղղափառ հանդիպումի օրինագիծին զօրակցողները կը գիտակցին անոր վտանգաւոր հետեւանքներուն մասին: Արդեօք անոնք գիտե՞ն« թէ նշեալ օրինագիծը անուղղակի հաշուարկ մըն է Լիբանանի քրիստոնեաներուն եւ մահմետականներուն թիւերուն« հարց տուաւ Միքաթի:

Ընտրական օրինագիծին մասին խօսեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ Միշել Սըլէյման երկրին մէջ գործող դիւանագիտական պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն առջեւ: Ան նաեւ անդրադարձաւ շրջանի զարգացումներուն եւ Լիբանանի վրայ անոնց ունենալիք անդրադարձներուն: