Սկզբունքով այսօր` Կիրակի առաւօտեան պիտի սկսի Թրիփոլիի ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը: Բանակը նախ պիտի տարածուի Ճապալ Մըհսէնի մէջ, ապա` Պապ Թըպենէի: Բանակը ազատ պիտի ըլլայ կատարելու խուզարկութիւններ: Այսուհանդերձ, ծրագիրին յաջողութեան վերաբերեալ գոյութիւն ունին լուրջ մտահոգութիւններ: Կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին, հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյման եւ ներքին գործոց նախարար Նիհատ Մաշնուք յայտնեցին, թէ ծայրայեղական կազմակերպութիւններ պիտի փորձեն խանգարել ծրագիրին գործադրութիւնը:



Թրիփոլիի քաղաքական հոսանքներուն մեծամասնութիւնը համոզուած է, թէ բանակը վճռած է ամէն գնով ապացուցել իր ներկայութիւնը եւ յաջողութեամբ պսակել ծրագիրը: Միակ անորոշ հարցը կը մնայ Ռաֆաաթ Իյտի պարագան: Վերջինիս մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, թէ Իյտ պիտի փորձէ հեռանալ Լիբանանէն, որովհետեւ նոյնիսկ անոր անմիջական դաշնակիցները լքած են զինք: Արդարադատութեան նախարար ԱշրաՖ Ռիֆի Թրիփոլիի բոլոր հոսանքներէն պահանջեց վերացնել քաղաքը ողողած պաստառները: Ռիֆի յայտնեց, թէ ժամանակը հասած է Թրիփոլին վերադարձնելու իր բնականոն կեանքին:



Լրատուական կարգ մը աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ապահովական ծրագիրին գործադրութեան ժամկէտը կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ, որովհետեւ քաղաքական եւ իրաւական կարգ մը հարցեր իրենց լուծումին կը սպասեն տակաւին:



Միւս կողմէ Պաապտայի պալատը լծուած է ազգային երկխօսութեան նիստին պատրաստութիւններուն: Երկխօսութեան նիստին հիմնական օրակարգը պիտի ըլլայ պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը: Սըլէյման Ֆրանճիէ եւ Թալալ Արսլան կանխաւ յայտնեցին, թէ պիտի բացակային նիստէն, իսկ Հըզպալլայի մասնակցութեան հարցը պիտի վճռէ Սէյիտ Հասան Նասրալլան: