- Մարոնիներու Պշարա Ռաաի կարտինալը դրական գնահատական տուաւ Ուրբաթ երեկոյեան Պքերքէի մէջ կայացած մարոնի ղեկավարներու նիստին: Նշենք, թէ նիստին մասնակցեցան Ամին Ճեմայէլը, Միշէլ Աունը եւ Սըլէյման Ֆրանճիէն: Սամիր Ժաաժա` ապահովական պատճառներով բացակայեցաւ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ նախագահական ընտրութիւններու գործընթացը հեզասահօրէն իրագործելու կարելիութիւնները: Կարտինալ Ռաաի յայտնեց, թէ անհրաժեշտ է խուսափիլ նախագահական աթոռին վրայ պարապութեան կացութենէն, ինչպէս նաեւ ՙվերջին վայրկեանին՚ ճշդուած նախագահի մը իրողութենէն: Կþարժէ նշել, որ Պաապտայի պալատը վերապահութիւն կը յայտնէ` նախագահութեան թեկնածուներու անուան շուրջ հանրախոյզ կատարելու Ռաաիի առաջարկին:
- Ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ սպառնաց ջնջել պետական քննութիւնները, եթէ կառավարութիւնը ուշացնէ աշխատավարձերու յաւելման օրինագիծին գործադրութիւնը: Մահֆուտ յստակ յանձնառութիւն մը պահանջեց կառավարութենէն:
- Առողջապահական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Աթէֆ Մաժտալանի դիտել տուաւ, թէ մօտաւորապէս 450 կաթնեղէնի գործարաններ կ'աշխատին առանց արտօնագրի եւ հսկողութեան: Մաժտալանի լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց այս ուղղութեամբ: