Մուսթաքպալ Հոսանքի անդամ երեսփոխան Ժան Օղասապեան դիտել տուաւ, թէ ազգային երկխօսութեան հիմքը պիտի ծառայէ Պաապտայի Յայտարարութիւնը: Ան որոշ յստակութիւններ նկատել տուաւ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնած երկխօսութեան մէջ: Օղասապեան նաեւ նշեց, թէ երկխօսութեան հիմնական օրակարգը պարտի ըլլալ պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը: