Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյման Պաապտայի նա֊խագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն եւ անոր հետ քննարկեց երկրին տնտեսական ու այլ զարգացումները:
Նախագահը ընդունեց նաեւ նախարար Նիքոլա Սահնաուին` պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, երեսփոխան Միշէլ Ֆարաոնը, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Խալիլ Հրաուին:
Նշենք, թէ նախագահ Սըլէյման արաբ կնոջ օրուան առիթով յայտ֊նեց, որ ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն երթին մէջ անհրա֊ժեշտութիւն է կնոջ աշխոյժ մասնակցութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ:
Ան նշեց, որ Լիբանան եղած է առաջին պետութիւններէն, որ յար֊գած է կիներուն իրաւունքները, յատկապէս ընտրելու եւ ընտրուե֊լու անոր իրաւունքը, մինչդեռ արաբական կարգ մը այլ երկիրներ տա֊կաւին այս իմաստով թերացումներ կ’արձանագրեն:
Նախագահ Սըլէյման կոչ ուղղեց կիներուն ներխուժելու քաղա֊քա֊կան մարզ, առաջադրելու իրենց թեկնածութիւնը եւ փաստելու իրենք զիրենք` ազգային կեանքին եւ պատասխանատուութեան մէջ եւս: