ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԸԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյման Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպէլը եւ անոր հետ քննարկեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները: Սըլէյման ընդունեց պետական նախարար Ալի Քանսոն, հաղորդակցութեան նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուին, Տընիյէի շրջանի երեսփոխաններ Ահմէտ Ֆաթֆաթը, Քազէմ Ալ Խէյրը, Քասեմ Ապտէլ Ազիզը, նախկին նախարար Սըլէյման Թրապոլսին,նախկին երեսփոխան Միսպահ Ահտապը եւ այլ անձնաւորութիւններ:


Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շարունակելով Թեհրան կատարած այցելութիւնը, հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան հոգեւոր առաջորդ Այաթոլա Ալի Խամենէի հետ: Պըրրի դրուատեց Արեւմուտքի եւ Իրանի միջեւ կնքուած միջուկային համաձայնագիրը, զայն բնորոշելով դարու համաձայնութիւնը: Պըրրի հանդիպեցաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ: Վերջինս յայտարարեց, թէ կառուցողական քննարկումեր կատարած էր Պըրրիի հետ:


Նշանակեալ վարչապետ Թամամ Սալամ յայտարարեց, թէ լրջօրէն քննարկած է 9-9-6 տարազով կառավարութեան մը կազմութեան: Սալամ նշեց, որ Մարտ 14-ի անդամ կարգ մը հոսանքներ համամտութիւն տուած էին նման տարազով կառավարութեան մը, սակայն Մարտ 8-ի կողմէ կիրարկուող մագլցողական ոճը ձախողութեան մատնած է իր ճիգերը: Սալամ քննադատեց Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ Հըզպալլայի մասնակցութիւնը: