ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԸԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Ապահովական եւ նոր կառավարութիւն կազմելու թղթածրարները անգամ մը եւս դարձան, հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյմանի եւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ Պաապտայի պալատին մէջ կայացած հանդիպումին առանցքային օրակարգերը: Նախագահ Սըլէյման Պաապտայի պալատին մէջ գլխաւորեց ապահովական նիստ մը, որուն մասնակցեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպէլը, ընկերային հարցերու նախարար Ուայէլ Ապու Ֆաուրը, ապահովական եւ զինուորական պատասխանատուներ: Նիստի ընթացքին քննարկուեցան սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթելու կարելիութիւնները: Նախագահ Սըլէյման յաջորդաբար ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպէլը, ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմը, Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը:


Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դիտել տուաւ, որ իրաւական եւ սահմանադրական տուեալներ չեն արտօներ, որպէսզի լիագումար նիստի հրաւիրէ հրաժարեալ կառավարութիւնը: Հետեւաբար իր կառավարութեան իրաւասութիւններէն դուրս կþիյնայ քննարկելու նաւթի թղթածրարը, ինչպէս նաեւ Միջազգային Ատեանը ֆինանսաւորելու օրակարգերը: