ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԴԻՐՔԻ ՎՐԱՅ ՊԱՐԱՊՈՒԹԵԱՆ ՎՏԱՆԳԸ ԳՈՐԾԻ ԿԸ ԼԾԷ ՈՐՈՇՈՒՄԻ ՏԷՐ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

Նախագահական դիրքի վրայ պարապութեան սպառանալիքը գործի լծած է լիբանանեան թղթածրարին հետ առնչուող որոշումի տէր մայրաքաղաքները: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի առաջին անգամ ըլլալով իր մտահոգութիւնը յայտնեց Չորեքշաբթի օր կայանալիք նիստին ճակատագիրէն: Կարգ մը մայրաքաղաքներու կարծիքով կացութիւնը անփոփոխ մնալու պարագային, Լիբանան դժուար թէ նոր նախագահ մը ունենայ 25 Մայիսին: Ուաշինկթըն, Ռիատ, Փարիզ քուլիսներու ետին լծուած են նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրականօրէն նշուած ժամանակամիջոցին կայացնելու արշաւին: Երկար ամիսներու բացակայութենէ ետք, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Օսէյրիի վերադարձը Լիբանան` մեծագոյն ապացոյն է, որ Ռիատ աւելի մօտէն պիտի հետապնդէ ընտրական գործընթացը: Դեսպանը մաղթեց, որ Լիբանան վերադարձը կրէ վերջնական բնոյթ...: Լիբանանեան քաղաքական կողմերը ողջունեցին դեսպանին վերադարձը, զայն գնահատելով կայունութիւնը պահպանելու գործօն: Ֆրանսա եւս մտած է գիծին մէջ: Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ անձնապէս կը դրուատէ Ուալիտ Ճոմպլաթի չափաւորական ուղեգիծը: Մեծ պետութիւններու աշխուժութիւնը միաժամանակ ապացոյց է, որ միջազգային ընտանիքը պիտի չարտօնէ պարապութիւն ստեղծել Լիբանանի նախագահութեան աթոռին վրայ:



Ընտրական սակարանին մէջ, վերջին օրերուն զգալապէս սկսած են բարձրանալ բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Ժան Քահուաճիի բարենիշները: Մուսթաքպալ Հոսանքի կարգ մը աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ սերտողութեան տակ է Սամիր Ժաաժաի փոխարէն Պութրոս Հարպի թեկնածութիւնը առաջադրելու կարելիութիւնը: Ընտրական ծիրին մէջ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, Փարիզի մէջ ընդունած է Սթրիտա Ժաաժաը եւ նախկին նախարար Ֆարէս Պուէյզը: Սակայն Մուսթաքպալ Հոսանքի աղբիւրներ հերքեցին Հարիրի- Ժաաժա հանդիպման մասին տեղեկութիւնները:



Լրատուական աղբիւրներ, յառաջիկայ օրերուն նոր հանդիպում մը կը նախատեսեն Մուսթաքպալ Հոսանքին եւ Ազգային Ազատ Հոսանքի ներկայացուցիչներուն միջեւ: Երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտարարեց, թէ դրական մթնոլորտ կը տիրէ երկու կողմերուն միջեւ: Անոր կարծիքով, ներկայ հանգրուանը կը պահանջէ Միշէլ Աունը տեսնել Պաապտայի պալատին մէջ, իսկ Սաատ Հարիրին` վարչապետարանին:



Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի պետ Սամիր Ժաաժա քննադատեց ընտրութիւններու գործընթացը խանգարելու Մարտ 8-ի ուժերուն քայլերը:



Նախագահական ընտրութիւններու ընթացքը, ինչպէս նաեւ մարոնի ղեկավարներու միջեւ ծագած վէճերը բաւական լուրջ դժգոհութիւն յառաջացուցած են մարոնիներու Պշարա Ռաաի կարտինալին մօտ: Վերջինս առանց անուններու շուկային մէջ մխրճուելու կը պահանջէ համախոհական նախագահի մը ընտրութիւնը: