Լիբանանի նոր կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան ժամը 11-ին, Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահի գլխաւորութեամբ եւ վարչապետ Թամամ Սալամի մասնակցութեամբ պիտի գումարէ իր անդրանիկ նիստը: Որոշումի տէր` միջազգային եւ շրջանային ամպիոններ կը շարունակեն շնորհաւորել լիբանանեան նոր կառավարութեան կազմութիւնը, զայն դիտելով ապահովական անկայունութեան փորձերուն դէմ կարեւոր կռուան մը: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտողար Ճոն Քերրի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Գամերոն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս, Պաղեստինեան Իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս, Սէուտական Արաբիա, Քուէյթ, Իրան, Եւրոպական Միութիւնը, Չինաստան, Գերմանիա` լիբանանեան կառավարութենէն պահանջեցին սահմանադրականօրէն ճշդուած ժամանակամիջոցին իրականացնել նախագահական ընտրութիւնները:
Ֆրանսական ՙԼը ֆիկարօ՚ օրաթերթը կը գրէ, թէ կառավարութեան ծնունդը միջազգային եւ շրջանային համաձայնութեան հետեւանք է:
Շնորհաւորական եւ մաղթանքներու արարողութեան աւարտին, կառավարութեան առաջին քայլը պիտի ըլլայ անոր աշխատանքային ծրագիրին պատրաստութիւնը: Վարչապետ Սալամի մօտիկ շրջանակներ կը յայտնեն, թէ յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ ամփոփ եւ համապարփակ: Հաղորդակցութեան նախարար Պութրոս Հարպ սպառնաց դուրս գալ կառավարութենէն, եթէ վերջինիս ծրագիրին բովանդակութիւնը անտեսէ Պաապտայի Յայտարարութիւնը:
Սկզբունքով նորակազմ կառավարութիւնը իր այսօրուան նիստին ընթացքին պիտի նշանակէ աշխատանքային ծրագիրը մշակելու յանձնախումբ մը: Այս ծիրին մէջ, Սէուտական Արաբիա եւ Մարտ 14-ի ուժերը յայտարարեցին, թէ կառչած կը մնան իրենց պահանջներուն վրայ, այլ խօսքով` պիտի մերժեն Ժողովուրդ, Բանակ, Դիմադրութիւն կարգախօսը:
Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյմանին եւ վարչապետ Թամամ Սալամի հետ եւ շնորհաւորեց ՙլիբանանեան նոր կառավարութիւնը՚:
Վարչապետ Թամամ Սալամ երէկ առաւօտեան ժամանեց վարչապետարան եւ պաշտօնական ընդունելութեամբ ստանձնեց իր պաշտօնը: Սալամ ընդունեց մեծ թիւով շնորհաւորութիւններ: Ան այցելուներուն յայտնեց, թէ նորակազմ նախարարաց խորհուրդը պիտի ըլլայ արշալոյսի եւ իրագործումներու կառավարութիւնը: Սալամ յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը եւ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը:
Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյման մաղթեց, որ նոր կառավարութիւնը անմիջապէս ստանայ խորհրդարանին վստահութեան քուէն: Սըլէյման ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Անթուան Սաատը եւ Հանրի Հելուն, նախկին նախարարներ Մարուան Շարպէլը եւ Ֆարէս Պուէյզը, բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Ժան Քահուաճին եւ այլ անձնաւորութիւններ:
ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐԷ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԻՍՏԸ