Երեքշաբթի 15 Յունուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Իսլամ Կրօնականներու Համախմբումի վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմէին սիւննի ու շիի հոգեւորականներ:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան, կրօնի ընկերային ծառայութեան եւ Լիբանանի ընտրական օրէնքին հետ առընչուած հարցեր: Յիշեալ հարցերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-

1¤ Անհրաժեշտ է աւելի ամրապնդել քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս ու յատկապէս Լիբանանի մէջ: Իսլամութեան ու քրիստոնէութեան առաքելութեան շրջագիծէն ներս հասարակաց մտահոգութիւններ ու մարզեր գոյութիւն ունին, ուր գործակցութիւնը ո՛չ թէ միայն կարելի է այլ նաեւª հրամայական:

2¤ Ընկերային ծառայութիւնը թէ՛ քրիստոնէութեան ու թէ իսլամութեան առաքելութեան կարեւոր երեսներէն մէկն է: Կրօնը ո՛չ միայն հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու քարոզիչը պէտք է դառնայ, այլ նաեւ ժողովրդային ծառայութեան ճամբով այդ արժէքները պէտք է կենսագործէ ընկերութեան կեանքէն ներս:

3¤ Անհրաժեշտ է այնպիսի ընտրական օրէնք մը մշակել, ուր համայնքները կարեւոր դեր ունենան իրենց ներկայացուցիչներու ընտրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ պահպանուի Լիբանանի ամբողջականութիւնը ու ներքին միասնականութիւնը: