Ուրբաթ 9 Նոյեմբեր 2012ի կէսօրուայ ժամը 12ին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Յարութ Երկանեանին. այցելութիւն մը տուաւ Նախկին Պետական Նախարար` Պէյրութի Ազատ Կամք երեսփոխանական պլոքի պետª երեսփոխան Պրն. Միշէլ Ֆարաոնին:

Պրն. Ֆարաոն իր բնակարանին մէջ ջերմօրէն ընդունեց ՌԱԿի պատուիրակութիւնը: Մօտ մէկ ժամ տեւող մտերմիկ տեսակցութեան ընթացքին կողմերը խօսեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող դէպքերուն մասին:

Պէյրութի երեսփոխանը համապարփակ վերլուծում մը ըրաւ միջազգային եւ շրջանային քաղաքականութեան եւ իրադարձութեանց մասին` Լիբանանի ներկայ անկայունութիւնն ու գալիք օրերու հաւանական ապահովական եւ քաղաքական վտանգները կապելով ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Իրանի աթոմական ռումբերու տիրանալու աշխատանքին եւ Սուրիոյ արիւնալի պատերազմին:

Ի միջի այլոց, Երեսփոխան Ֆարաոն բարձր գնահատելով Լիբանանահայութեան ազգային գիտակցութիւնն ու Լիբանանի հանդէպ անոր ունեցած հաւատարմութիւնն ու սէրը` իր անվերապահ նեցուկը յայտնեց հանդէպ Լիբանանահայ համայնքին:

Հանդիպման աւարտին, Պէյրութի Երեսփոխանը շնորհաւորեց նորակազմ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը: Ան դրուատելով ՌԱԿի ունեցած դերը Լիբանանեան քաղաքական դաշտին մէջ որպէս անբաժան եւ արժանաւոր մէկ մասնիկը 14 Մարտի ուժերուն, ապագայի աւելի եւս սերտ համակարգումի եւ գործակցութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց:

Տեղեկատուական Գրասենեակ

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան