Ուրբաթ երեկոյ Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տէրէք Փլամպի£ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրեպետին հետ Քեսապի հարցին շուրջ խորհրդակցիլ:
Յայտնենք, որ օր մը առաջ Նիւ Եորքէն հեռաձայնած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր` քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճէֆրի Ֆելթմանը եւ ուզած էր Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը ունենալ Քեսապէն ներս ստեղծուած կացութեան գծով: Վեհափառ Հայրապետը առաջարկած էր Քեսապը յայտարարել որպէս ապազինեալ շրջան: Տէրէք Փլամպիին պարտականութիւն տրուած էր այս ծրագրին շուրջ աւելի լայն խորհրդակցութիւններ ունենալ Վեհափառ Հայրապետին հետ:



Վեհափառը անգամ մը եւս Փլամպիին ուշադրութեան յանձնեց Քեսապի յատուկ կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար« թէ Քեսապի հայութիւնը շուտով պէտք է վերադառնայ իր շրջանը: Միաժամանակ Վեհափառը շեշտեց Լաթաքիա հաստատուած Քեսապահայութեան օժանդակելու հրամայականը:



Փլամպի Վեհափառին յայտնեց« որ այսօր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուելիք տեղեկագրին մէջ պիտի յիշուի Քեսապի հարցը: Ան նաեւ խոստացաւ Վեհափառ Հօր, որ Ապրիլին սկիզբը ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցին ընդհանուր պատասխանատուին« Լիբանանի մէջ հաստատուած գաղթականներուն տալիք այցելութեան ծիրէն ներս ան պիտի արծարծէ Քեսապի հայութեան մարդասիրական օգնութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը: