Ժամանակակից եւ բարձրորակ հայկական կերպարուեստը յաւուր պատշաճի ներկայացնելու, տարածելու եւ արժեւորելու լաւագոյն բե֊մը կայ ու կը մնայ միջազգային այն ցուցահանդէսները, որոնք վերջին տասնամեակներոն սկսած են պետականօրէն հովանաւորուիլ ու կազմակերպուիլ աշխարհի գրեթէ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ:
ՙart-monaco 12՚ը նմանօրինակ երրորդ համաշխարհային ցուցա֊հանդէսն էր, որ Ապրիլի սկիզբը հինգ օր տեւողութեամբ տեղի ունե֊ցաւ Մոնաքոյի իշխանական ՙԿրիմալտի Ֆորում՚ին մէջ, ուր ցուցադ֊րութեան դրուած էին հինգ ցամաքամասերէն բերուած շուրջ չորս հազար ժամանակակից կերպարուեստի ընտրուած գործեր: Անոնց շարքին կային Փապլօ Փիքասոյի, Ֆերնանտօ Պօթէրոյի, Ռոյ Լիխ֊թըշ֊թէյնի եւ Անտի Ուորհոլի նման մեծութիւններու ստեղծագործութիւն֊ներ, որոնք միլիոններով կը գնահատուին արուեստի շուկային մէջ: Ցուցահանդէսին վարկը ապահոված էր նաեւ բարձրորակ եւ ուրոյն յղացքներու տէր բազմաթիւ ժամանակակից կերպարուեստագէտնե֊րով, ինչպէս Քէյթ Հարինկ, Տէյվիտ Կէրշթէյն, Ռոպըրթ Ինտիանա, Ֆի֊լիփ Փասթոր, Պրուս, Ժան Տէսմարէ, Լուիճի Կիլիանի, Եուրի Ցվէթա֊յեւ, Փաթրիս Ռապուա, Իտան Հարէսքի, Քրիս Ուէյք, Ձաօ Քայլին, Ալաս֊թէ Կիպսըն, Փարք Տաէ Չօ, Ֆիֆաքս, Ս. Հալլոէ, Թոմ Գարր, եւայլն:
Այս համաշխարհային վարկի տէր ՙart-monaco 12՚ միջազգային ցուցահանդէսին մէջ հայ կերպարուեստը ոչ միայն մրցունակ էր, այլ նաեւ մրցանակաբաշխութեան մէջ տիրացաւ պատուաբեր արդիւնքի:
Փորձը ցոյց տուաւ, որ եթէ երբեք լաւ կազմակերպուի, ճի՛շդ ժա֊մա֊նակին եւ ճի՛շդ տեղին ու ճիշդ ձեւով, ճիշդ ընտրութեամբ կա֊տարուի եւ ներկայացուի հայ կերպարուեստը միջազգային բեմերու վրայ, ապա մենք մշակութապէս ետ չենք մնար աշխարհի ամենա֊զարգացած երկիրներէն իսկ:
Մոնաքոյի իշխանական ՙԿրիմալտի Ֆորում՚ի կազմակերպիչ֊նե֊րու եւ տնօրէնութեան կողմէ սահմանուած ամենամեայ 7 մրցանակ֊ներն ալ ունին համահաւասար նշանակութիւն ու արժէք: Անոնցմէ են.
ա.- prix d’excellence-coup de coeur public.- ընտրուեցաւ այցելու արուեստասէրներու քուէարկութեամբ եւ շնորհուեցաւ ՙklous steimmets contemporary՚ ցուցասրահին (Գոսթա Ռիքա) ՙthe big foot project՚ քանդակներու շարքին համար, որուն հեղինակն է Իտակօ Զարէսքի:
բ.- prix d’excellence-coup de coeur, invite special .- Նշանակուեցաւ ցուցահանդէսի ընդհանուր տնօրէնին կողմէ եւ շնորհուեցաւ ՙbaxter contemporary՚ ցուցասրահին (Անգլիա) Զհաօ Քայլինի ՙchinese lady in red՚ գեղանկարին համար:
գ.- prix d’excellence-nouvelle dimension .- Ընտրուեցաւ ՙart-monaco 12՚ի կազմակերպիչներու եւ տնօրէնութեան կողմէ եւ շնորհուեցաւ ՙnoah’s ark՚ (Լիբանան) իր ցուցադրած անհեթեթ գերիրապաշտ (absurd surrialism) դպրոցին պատկանող գեղանկարիչներու` Վահրամ Դաւթեանի, Եուրի Ցվէթայեւի եւ Ռուբէն Աբովեանի ստեղծագործու֊թիւններուն համար:
Իսկ ստորեւ շարունակած բոլոր մրցանակները փակ քուէարկու֊թեամբ որոշուեցան յատուկ դատական կազմի մը կողմէ, որոնք են.
1- Թանիա Պաքսթըր (Անգլիա)
2- Ռեպեքա Ակոսթա (Ֆրանսա)
3- Ռաֆայէլ Ռակասսի (Զուիցերիա)
4- Մովսէս Հերկէլեան (Լիբանան)
5- Ժոնէսքօ Ռոտրիկէզ (Մոնաքօ)
դ.- prix d’excellence-qualite artistique.- Շնորհուեցաւ galerie ferreso (Ֆրանսա), իր ցուցադրած Քէյթ Հարինկի եւ Ռոպերթ Ինտիանայի post moderne ստեղծագործութիւններուն համար:
ե.- prix d’excellence-baroque.- Շնորհուեցաւ ՙԲարձր Արուեստ՚ ցուցասրահին (Հայաստան), Երուանդ Քոչարի ՙpeinture dans l’espace՚ ստեղծագործութեան համար, իբրեւ ՙart-monaco 12՚ի ցուցասրահին ներկայացուած լաւագոյն ստեղծագործութիւնը:
զ.- prix d’excellence-emotion.- Շնորհուեցաւ ՙcham’art contemporein՚ ցուցասրահին (Թայլանտ) իր ցուցադրած ՙmoines bouddhister՚ ծայ֊րայեղօրէն իրապաշտական ստեղծագործութեան համար, որ իրա֊գործուած է պուտիստ հոգեւոր հայրերու կողմէ:
է.- prix d’excellence-ecologique.- Շնորհուեցաւ ՙthe dsang gallery՚ ցուցասրահին (Անգլիա), Ալասթէյր Կիպսընի ածուխէ կերպանկարի ու այլ նկարներէ բաղկացած ստեղծագործութիւններուն համար:
Ինչպէս նշմարեց ընթերցողը երկու հայկական ցուցասրահներ արժանացան մրցանակի:
Առաջինը` ՙՆոազ Արք՚ ցուցասրահը երրորդ անգամ ըլլալով կը մասնակցէր Մոնաքոյի կազմակերպած միջազգային ցուցահանդէ֊սին, ներկայացնելով հետեւեալ գեղանկարիչներու` Եուրոզի, Վահ֊րամ Դաւթեանի, Եուրի Ցվէթայեւի, Ռուբէն Աբովեանի, Սուրէն Ոսկեանի, Էդիկ Բերդեանի, Արթըր Բ.ի եւ Պերճ Չաքէճեանի երեսունէ աւելի ստեղծագործութիւնները: Ինչպէս միշտ ՙՆոազ Արք՚ը հետաքրքրու֊թիւն ստեղծած է առաւելաբար ՙանհեթեթ գերիրապաշտ՚ արուեստ ցուցադրելով, որ այս տարի արժանացաւ ՙԱրուեստի Նոր Տարածա֊կանութիւն՚ մրցանակին, յատկապէս Վահրամ Դաւթեանի ստեղծա֊գործութիւններուն համար:
Իսկ երկրորդը` հայրենի ՙԲարձր Արուեստ՚ պատկերասրահն էր, որուն տէր ու տնօրէն Պր. Սարգիս Գրիգորեան ջանք չէր խնայած յաւուր պատշաճի եւ մասնագիտական մօտեցումով ցուցադրել հայ դասական եւ ժամանակակից շարք մը կերպարուեստագէտներ, ո֊րոնք ոչ միայն մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին արուեստասէրնե֊րու, լրագրողներու եւ արուեստաբաններու քով, այլ նաեւ մեծապէս գնահատուեցան: Ինչպէս Յով. Այվազովսքի, Երուանդ Քոչար, Մար֊տիրոս Սարեան, Սերկէյ Փրաճանով, Կայանէ, Աշոտ Յովհաննիսեան, Վարուժան Վարդանեան, Այվազ Աւոյեան, Հենրիկ Էլիբէկեան, Ռուբէն Ատալեան եւ ուրիշներ:
Ի դէմս ՙԲարձր Արուեստ՚ի, ահաւասիկ հայկական ցուցասրահ մը, որ դուրս կու գայ արուեստի զուտ առեւտրական սահմաններէն եւ համահայկական մշակութային մտահոգութիւններէ մեկնած կը բարձ֊րացնէ հայ կերպարուեստի դերն ու վարկը միջազգային մակարդակ֊ներու վրայ հաւատալով, որ մշակոյթի գնահատումն ու բարձրացումը կը նպաստէ նաեւ թէ, հայրենի տնտեսութեան եւ թէ պետականու֊թեան ամրապնդման ու հզօրացման: Փաստօրէն շնորհիւ Երեւանի ՙԲարձր Արուեստ՚ի ցուցասրահին Երուանդ Քոչար այսօր կը վերա֊դառնայ Եւրոպա ու կը փորձէ նուաճել իր անցեալի փառքը:
Գիտենք, որ անցնող դարու սկիզբը Հայրենիք ներգաղթելէ առաջ Երուանդ Քոչար հաւասարապէս կը ցուցադրուէր Փապլօ Փիքասոյի, Ֆէրնան Լէչէի եւ Խուան Միրոյի կողքին եւ կ’արժանանար համահա֊ւասար եւ երբեմն ալ աւելի բարձր գնահատանքներու: Այդ կը վկայէ նաեւ ֆրանսացի յայտնի արուեստաբան Վալտեմար Ժորժի գրած վէպերը Երուանդ Քոչարի մասին: Ան իր ստեղծագործական հարդա֊րութեամբ թէ կը նպաստէր խորհրդապաշտական դպրոցի կազմա֊ւոր֊ման ու զարգացման եւ թէ կը ստեղծէր կերպարուեստի նոր տե֊սակ մը` peinture dans l’espace (գեղանկարչութիւն տարածութեան մէջ): Այսօր Փարիզի ժամանակակից կերպարուեստի հիմնարկի` ՙՍէնթըր Տը Պոպուրյ՚ի մէջ կը ցուցադրուին երեք նմոյշներ Ե. Քո֊չարի ստեղծագործութիւննրէն : Անոր Հայրենիք վերադարձը զինք մոռցնել տուաւ Փարիզի եւ առհասարակ Եւրոպայի մէջ: Այնպէս որ պատահական չէր Երուանդ Քոչարի յաջողութիւնը, որ ի վերջոյ նոր նուաճում մըն է ժամանակակից կերպարուեստի համար:
Իսկ այս տարուայ ՙart-monaco 12՚ միջազգային ցուցահանդէսին նուիրուած պատկերագիրքը հրատարակութիւնն էր ՙla gazette des arts՚ երկլեզու (ֆրանսերէն եւ անգլերէն) ֆրանսական արուեստի մեծազդեցիկ պարբերականին, իբրեւ բացառիկ թիւ (special edition), ուր երեք էջ նուիրուած էր հայրենի ՙԲարձր Արուեստ՚ եւ վեց էջ Պէյ֊րութի ՙՆոազ Արք՚ ցուցասրահին: Մոնաքոյի իշխան Ալպերթ Կրի֊մալտիի հետ կայացած հարցազրոյցէն կը պարզուի, որ իշխանը ոչ միայն բարձր կը գնահատէ կերպարուեստի դերն ու տեղը երկրի զարգացման մէջ, այլեւ մօտէն կը հետեւի ՙԿրիմալտի Ֆորում՚ին մէջ կայացած միջազգային ցուցահանդէսներուն: ՙla gazette des arts՚ի այս բացառիկին մէջ Ֆերնանտօ Պօթերոյի, Օկիւստ Ռոտէնի եւ Փի֊քասոյի նման մեծութիւններու մասին գրութիւններու շարքին հրա֊տարակուած էր նաեւ Դոկտ. Մովսէս Հերկէլեանի մէկ յօդուածը, որ կ’անդրադառնայ ժամանակակից շարժումներուն եւ ուղղութիւնն֊երուն:
ԹՂԹԱԿԻՑ