Ադամը յաջորդաբար 5 օր ուշ կու գայ տուն: Եւան կը սկսի կասկածիլ...

6-րդ օրը երբ Ադամ ուշ կու գայ, Եւան կ’որոշէ հարցնել անոր այս ուշացումներու մասին:

- Ադամ, հոս նայիր, այս ի՞նչ է, ամբողջ շաբաթը ուշ կու գաս տուն, հիմա ինծի ճշմարտութիւնը ըսէ, ուրիշ կին մը կա՞յ կեանքիդ մէջ:

Ադամ ինքնավստահօրէն կը պատասխանէ:

- Ոչ հոգիս, այս ի՞նչ ապուշ մտածում է, դուն միակ կինն ես այս աշխարհի վրայ:

Կը լուացուին եւ ընթրիքէն ետք, Ադամը քունի կ’անցնի:

Կէս գիշերին Ադամ կ’արթննայ եւ կը տեսնէ, որ Եւան իր կուրծքը կը զննէ:

Ի՞նչ կ’ընես Եւա հոգիս, կը հարցնէ Ադամ:

Եւան անուշ ժպիտով մը կը պատասխանէ.

- Կը հաշուեմ կուրծքիդ ոսկորները...

***

Աշխարհահռչակ գեղեցկուհի Գլոտիա Շիֆըր Պէյրութ կը ժամանէր, զինք հրաւիրողները Լիբանանի տեսարժան վայրերը կը տանին: Երկրորդ օրը կը հարցընեն, թէ կը փափաքի՞ յատուկ ուրիշ բան մըն ալ տեսնել:

Գլոտիան կը պատասխանէ, թէ կ’ուզէ ՙԹիբիք՚ լիբանանեան անձ մը տեսնել, որ կը մարմնաւորէ Լիբանանեան ՙֆոլքլորը՚ իր հագուստներով, խօսելաձեւով, եւայլն...

Յանձնախումբը բաւական պրպտումներէ ետք, կ’որոշէ Գլոտիան տանիլ ՙԱպու Ապըտին՚ քով.

Գլոտիա եւ Ապու Ապըտ բաւական խօսակցելէ ետք, Գլոտիան կը հարցնէ Ապու Ապըտին:

- Պրն. Ապու Ապըտ, ըսէ ինծի, ինչու՞ Լիբանանի ժողովուրդը բազմաթիւ համայնքներու բաժնուած է:

Մինչ բոլորին Աստուածը նոյնն է, մէկ է, ինչպէս իմ Աստուածն է նոյնպէս քու Աստուածդ է, կնոջդ ալ Աստուածը նոյն Աստուածն է:

Ապու Ապըտ ոտքի կ’ելլէ ու կ’ըսէ.

- Հիմա ինծի պիտի համոզես, որ քեզ ստեղծող Աստուածը նոյն Աստուածն է, որ Ըմ Ապըտը՞ ստեղծեց, էհ, չի կրնար ըլլալ, Մա Մաուուլէ:

Քաղեց`ՏԻՐԱՆ Գ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ