Հալէ՜պ, Հալէ՛պ: Զինարձակումները կը շարունակուին: Ռումբերու որոտները ցնցում կը պատճառեն ժողովուրդին, յատկապէս երախաներուն: Սակայն երբ դուրս կու գաս բնակարանէդ կը տեսնես թէ մայթերը լեցուն են բազմութեամբ: Ինչպէ՞ս փակուած մնան վանդակի մէջ:

Կեանքը կը շարունակուի:

Հալէպի հայկական հինգ երկրորդական վարժարաններու` Քառէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի, Կիլիկեան Վարժարանի, Կրթասիրացի, Հայ Աւետարարնական Բեթէլի եւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի դռները բաց են:

Ոմանց կայքը փոխուած է, դասաւանդութեան համար այլ տեղ ընտրած են, ըստ յարմարութեան:

Ահա կը մտնեմ այս ճեմարանի մանկապարտէզի բաժինը: Բողբոջ դասարանի մինինիկներէն յիսուն հոգի ներկայ են, ոմանք իրենց ծնողներուն հետ եկած են: Կը լուսանկարուինք խումբի մը հետ:
Կը շնորհաւորեմ այն ծնողները, որոնք երբ պատերազմական այս իրավիճակին մէջ անվտանգ անկիւն մը իսկ չկայ, իրենց զաւակները վստահած են այս վարժարանին:

Կը դիտեմ երախաներուն վազվզուքը, իրարու հետ իյնալ-ելլելը, գործիքներն ի վեր ելլելն ու սահիլը...կը լսեմ ճիչերը, աղաղակները...: Ամիսներէ ի վեր կարծէք բանտարկուած ըլլային, նոր շունչ մը կþառնեն, կը ցատկրտեն, կþաղմկեն.. Օ՜, երախաներու հանած այդ աղմուկը, նոր երաժշտութիւն մըն է կարծէք...:

Նախակրթարանի մասնաշէնքին մէջ եւս աշխուժութիւն մը կայ: Հոս աշակերտներուն թիւը 157- հասած է: Հոս եւս ծնողներու բազմութիւն մը կայ: Քաղաքին հեռու շրջաններէն ծնողներ կը փորձեն իրենց զաւակները արձանագրել տալ այսպիսի տարեշրջանի մը« երբ դիպուկահարներ իրենց մարդասպանի դերը կը շարունակեն կատարել:

Բայց ահա հակառակ այս իրողութեան, միջնակարգի աշակերտներուն թիւը հասած է 135-ի: Բարձրագոյն դասարաններու աշակերտներու թիւն ալ 140-ի:

Ուրեմն Հ.Բ.Ը.Միութեան այս վարժարանը 2012-2013 տարեշըրջանի համար ունի 500ի մօտ աշակերտութիւն եւ դեռ օրէ օր կþաւելնայ աշակերտներուն թիւը: Մեղուի փեթակ մըն է դպրոցը, այս հայ դպրոցը, որ խաղաղ պայմաններուն իր գիրկին մէջ կþունենար 1200-է աւելի աշակերտ-աշակերտուհիներ:

Պատերազմական պայմաններուն աշակերտութեան այս թիւը դպրոցին համար մխիթարական կը նկատեմ:

Դպրոցին աշակերտները առաւելաբար մօտիկ շրջապատէն եկողներ են: Հեռաւոր ու վտանգալից շրջաններու աշակերտները բացակայ են: Վախը համատարած է:

Բայց խօսուն թիւերը մեզի կþըսեն« թէ կեանքը կը շարունակուի:
Դպրոցէն մէկ քայլ անդին Հ.Բ.Ը.Մ.ի բարձրայարկ շէնքն է:
Հոս շուրջ քառասուն միութենականներ աշխատանքի լծուած են ու պատրաստած խաւաքարտէ մեծկակ տուփեր նուիրաբաշխումը կրկնելու համար:

Երկու ամիս առաջ 2500 ընտանիքի օգնութեան հասած էին:
Այս անգամ դարձեալ նոյն 2500 ընտանիքներուն պիտի բաշխուին պատրաստուած տուփերը, զորս պիտի հասցնեն մինչեւ նպաստընկալներուն տուները, Միութեան օթօպիւսերով:
Պատրաստող տղոց` աղջիկ ու մանչ, քաջալերական երկու խօսք կþուղղեմ գնահատելով իրենց աշխատանքը:

Պատերազմը սուլող իր փամփուշտներով, որոտացող ռումբերով կը շարունակուի իր կեանք ու շէնքեր փլատակող ընթացքով եւ անոր քովն ի վեր շարունակուող կեանքով:

Մեր բոլոր կրթարաններու դռները բաց են, թող բաց մնան:

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Հալէպ