Լրատվական օրաթերթՀայերեն · Русский · English
ZartonkDaily
Լրատվական օրաթերթ
ԶարթոնքZartonkDailyՀայաստան։ Սփյուռք։ Աշխարհ։
Լեզուներ
HYRUEN
ZartonkDaily

Վերջին լուրեր

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՍԼԱՄ ԿՐՕՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երեքշաբթի 15 Յունուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Իսլամ Կրօնականներու Համախմբումի վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմէին սիւննի ու շիի հոգեւորականներ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան, կրօնի ընկերային ծառայութեան եւ Լիբանանի ընտրական օրէնքին հետ առընչուած հարցեր: Յիշեալ հարցերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-

ՌՈՒՍԻԱՆ ԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԷ ՀԱԼԷՊԻ ԻՐ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէª Հալէպի մէջ իր գլխաւոր հիւպատոսութեան գործունէութեան դադրեցման մասին: ՙՀալէպի մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան գործունէութիւնը ժամանակաւորապէս կասեցուած է: Հիւպատոսութեան ուղղուելիք բոլոր հարցերով կարելի է դիմել Դամասկոսի Ռուսիոյ հիւպատոսական բաժին՚« կ’ըսուի հոն:

ԽԱՌՆԱԿ ՕՐԵՐ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՄԵՐ ԿՐԹԱՐԱՆՆԵՐԸ

Հալէ՜պ, Հալէ՛պ: Զինարձակումները կը շարունակուին: Ռումբերու որոտները ցնցում կը պատճառեն ժողովուրդին, յատկապէս երախաներուն: Սակայն երբ դուրս կու գաս բնակարանէդ կը տեսնես թէ մայթերը լեցուն են բազմութեամբ: Ինչպէ՞ս փակուած մնան վանդակի մէջ: Կեանքը կը շարունակուի: Հալէպի հայկական հինգ երկրորդական վարժարաններու` Քառէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի, Կիլիկեան Վարժարանի, Կրթասիրացի, Հայ Աւետարարնական Բեթէլի եւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի դռները բաց են: Ոմանց կայքը փոխուած է, դասաւանդութեան համար այլ տեղ ընտրած են, ըստ յարմարութեան:

ՀԶՕՐ ՊԱՅԹՈՒՄ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Հալէպի Տեղեկատուութեան եւ Գիտարուեստի համալսարանին մօտ, հզօր պայթում մը խլեց յիսունէ աւելի զոհեր: Պայթումին հետեւանքով հըրկիզուեցան տասնեակներով ինքնաշարժներ, քանդուեցան համալսարանի շէնքերէն որոշ հատուածներ: Վիրաւորներուն թիւը կ’անցնի եօթանասունը: Պայթումը կը պատահի համալսարանական քննութիւներու առաջին օրը: Զոհերուն մեծամասնութիւնը ուսանողներ են:

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԻՇԷԼ ՖԱՐԱՈՆԻՆ

Ուրբաթ 9 Նոյեմբեր 2012ի կէսօրուայ ժամը 12ին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Յարութ Երկանեանին. այցելութիւն մը տուաւ Նախկին Պետական Նախարար` Պէյրութի Ազատ Կամք երեսփոխանական պլոքի պետª երեսփոխան Պրն. Միշէլ Ֆարաոնին: Պրն. Ֆարաոն իր բնակարանին մէջ ջերմօրէն ընդունեց ՌԱԿի պատուիրակութիւնը: Մօտ մէկ ժամ տեւող մտերմիկ տեսակցութեան ընթացքին կողմերը խօսեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող դէպքերուն մասին:

ԹԵՀՐԱՆ ՙՎԵՑԵԱԿ՚ԻՆ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ՀՐԱՒԷՐԻՆ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱԾ

Եւրոպական Միութեան ար֊տաքին գործոց եւ անվտանգու֊թեան հարցերով գերագոյն յանձ֊նակատար Քաթրին Աշթըն յայտարարած է, որ պաշտօնա֊կան Թեհրանը դեռ չէ պատաս֊խանած Իրանի միջուկային խնդրով ՙվեցեակ՚ի (Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Ռուսաստան, Չինաս֊տան, Գերմանիա) հետ բանակցութիւնները վերսկսելու հրաւէրին: ՙԱռ այժմ…

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԿԵԱՆՔ ԵՐԲ ԿԸ ԿԱՊՈՒԻ ՄԱՐԴՈՒ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ...՚

Բանաստեղծական նուիրուած երեկոյ էր: Բանաստեղծութիւնը գրա֊կանութեան ամենաընդգրկուն ժանրն է, հնչեղ բոլոր ժողովուրդ֊ներուն մօտ: Բանաստեղծութեան կեանք տուողը բանաստեղծն է, ան է որ կեանքի վերիվայրումներէն ներշնչուելով կը ստեղծագործէ: Այո՛, բանաստեղծութիւնը կեանքէն կը բխի, ծիածանուած ու թուխպ մթագնած կեանքէն:…

ԻՐԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ Կ’ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՐԱՅ, Կ’ԸՍԵՆ ՓՈՐՁԱԳԷՏՆԵՐ

Հայ եւ ռուս քաղաքագէտները կը կարծեն, որ Իրանի դէմ պատերազմի սկսելէն ետք առաջինը պիտի տուժէ Հայաստանը: Թէ հայ եւ թէ ռուս քաղաքագէտները գրեթէ համոզուած են, որ եթէ Իրանի դէմ պատերազմ սկսի` Ազրպէյճան պիտի փորձէ օգտուիլ առիթէն: Այս հարցը անոնք քննարկեցին լրագրողներու հետ հանդիպման կազմակերպուած տեսակամուրջին միջոցով:

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ - ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՐՄԵՆԱԿ ԵԿԱՐԵԱՆ ԱԿՈՒՄԲ ՆԱԽԱՃԱՇ (ԽԱՇ) Տեղի կ’ունենայ Կիրակի, 5 Փետրուար 2012-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Թէքէեան Կեդրոնի ՙՀրաչեայ Սեդրակեան՚ սրահին մէջ, Ժըմմէյզի: