Լրատվական օրաթերթՀայերեն · Русский · English
ZartonkDaily
Լրատվական օրաթերթ
ԶարթոնքZartonkDailyՀայաստան։ Սփյուռք։ Աշխարհ։
Լեզուներ
HYRUEN
ZartonkDaily

Վերջին լուրեր

ԿԻՒԼ` ՆԵՐՈՂ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՆՔ ԳԱՂՏՆԱԼՍՈՒՄՆԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ

Ապահովական գաղտնի խորհրդաժողովը ՙԵու Թիւպ՚ի վրայ բացայայտուելու պատճառով, թրքական իշխանութիւնները ձերբակալեցին Կիւլենի շարժումին համակիր լրագրող մը: Նախագահ Ապտուլլա Կիւլ ըսաւ, իշխանութիւնները ներող պիտի չըլլան գաղտնալսումը կազմակերպողներուն հանդէպ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլու հաստատեց ՙԵու Թիւպ…

ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ երեկոյ Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տէրէք Փլամպի£ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրեպետին հետ Քեսապի հարցին շուրջ խորհրդակցիլ: Յայտնենք, որ օր մը առաջ Նիւ Եորքէն հեռաձայնած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր` քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճէֆրի Ֆելթմանը եւ ուզած…

ՓՈՒԹԻՆ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ուքրանական բանակի միաւորներ Ուրբաթ ուշ երեկոյեան յարձակեցան երկրին հարաւարեւելեան շրջանը գտնուող Քրամաթորսք քաղաքին վրայ եւ փորձեցին պետական հաստատութիւններէն հեռացնել ռուսամէտ ուժերը: Բախումներու ընթացքին ինկան քառասունէ աւելի զոհեր: Վիրաւորներուն թիւը անցաւ հարիւրը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց…

ԹՐԻՓՈԼԻԻ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՙԶԵՐՕ՚ ՊԱՀՈՒՆ

Սկզբունքով այսօր` Կիրակի առաւօտեան պիտի սկսի Թրիփոլիի ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը: Բանակը նախ պիտի տարածուի Ճապալ Մըհսէնի մէջ, ապա` Պապ Թըպենէի: Բանակը ազատ պիտի ըլլայ կատարելու խուզարկութիւններ: Այսուհանդերձ, ծրագիրին յաջողութեան վերաբերեալ գոյութիւն ունին լուրջ մտահոգութիւններ: Կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին, հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյման եւ ներքին գործոց նախարար Նիհատ Մաշնուք յայտնեցին, թէ ծայրայեղական կազմակերպութիւններ պիտի փորձեն խանգարել ծրագիրին գործադրութիւնը:

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՍԿՍԱՒ ՔՆՆԱՐԿԵԼ ԿՈՒՏԱԿԱՅԻՆ ԿԵՆՍԱԹՈՇԱԿՆԵՐՈՒ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ

Սահմանադրական Դատարանին մէջ սկսաւ ՙԿուտակային կենսաթոշակների մասին՚ օրէնքի կարգ մը կէտերու սահմանադրականութեան հարցի քննութիւնը: Դիմումը դատարան ներկայացուցած են չորս ոչ իշխանական ուժերն ու ՙԴէմ եմ՚ նախաձեռնութեան անդամները: Անոնց հիմնական պահանջը պարտադիր կուտակային համակարգի պարտադիր բաղադրիչը հակասահմանադրական…

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ... Մարոնիներու

- Մարոնիներու Պշարա Ռաաի կարտինալը դրական գնահատական տուաւ Ուրբաթ երեկոյեան Պքերքէի մէջ կայացած մարոնի ղեկավարներու նիստին: Նշենք, թէ նիստին մասնակցեցան Ամին Ճեմայէլը, Միշէլ Աունը եւ Սըլէյման Ֆրանճիէն: Սամիր Ժաաժա` ապահովական պատճառներով բացակայեցաւ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ նախագահական ընտրութիւններու…

ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐԷ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԻՍՏԸ

Լիբանանի նոր կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան ժամը 11-ին, Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահի գլխաւորութեամբ եւ վարչապետ Թամամ Սալամի մասնակցութեամբ պիտի գումարէ իր անդրանիկ նիստը: Որոշումի տէր` միջազգային եւ շրջանային ամպիոններ կը շարունակեն շնորհաւորել լիբանանեան նոր կառավարութեան կազմութիւնը, զայն դիտելով…

ՏԱՒՈՒՏՕՂԼՈՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ հանդիպելէ ետք, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան անջատ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլուի հետ, ճաշի սեղանի շուրջ: Տաւուտօղլու յայտնեց, որ հանդիպումը կայացած է բարեկամական մթնոլորտի մէջ եւ նշեց, թէ Աթէշեան հայկական…

“ՄԵՆՔ ԹԱՔՑՆԵԼՈՒ ՈՉ ՄԻ ԲԱՆ ՉՈՒՆԵՆՔ” ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան կեդրոնին մէջ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Ռուսիոյ հետ կազային համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ կազի սակի ճշդման հարցին: ՙՑանկացած լաւագոյն որոշում ընդամէնը աշխատանքի կէսն է: Ի հարկէ, շատ լաւ որոշում է աթոմակայանի նոր…

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄՏԱՀՈԳ Է ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՑՈՒԹԵԱՄԲ

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մերի Հարֆ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն խորապէս մտահոգ է իր տուներէն հեռանալու պարտադրուած Քեսապի հայութեան կացութեամբ` կոչ ընելով պաշտպանելու յատկապէս բոլոր քաղաքացիներն ու անոնց սրբավայրերը:

ՀԱՅ ԿԵՐՊԱՐՈՒԵՍՏԸ ԿԸ ՄԵԾԱՐՈՒԻ ՄՈՆԱՔՈՅԻ ՄԷՋ

Ժամանակակից եւ բարձրորակ հայկական կերպարուեստը յաւուր պատշաճի ներկայացնելու, տարածելու եւ արժեւորելու լաւագոյն բե֊մը կայ ու կը մնայ միջազգային այն ցուցահանդէսները, որոնք վերջին տասնամեակներոն սկսած են պետականօրէն հովանաւորուիլ ու կազմակերպուիլ աշխարհի գրեթէ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ: