Լրատվական օրաթերթՀայերեն · Русский · English
ZartonkDaily
Լրատվական օրաթերթ
ԶարթոնքZartonkDailyՀայաստան։ Սփյուռք։ Աշխարհ։
Լեզուներ
HYRUEN
ZartonkDaily

Վերջին լուրեր

ԹՐՔԱԿԱՆ ԼՈՊՊԻՆ ԸՆԴԴԷՄ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ

Թրքական լոպպիի ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը (LOBISAV) ՙքաղաքացիական բողոքի արշաւ՚ մը կը կազմակերպէ`1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրենց օրակարգին մէջ առնելու պատրաստ եւ ճանչցող 22 երկիրներուն դէմ: Այս մասին կը գրէ թրքական ՙԶաման՚ թերթը:Անոնք մէկ ամսուան ընթացքին 12 հազար ստորագրութիւն հաւաքած են:

ԵՐԳԻԾԱՆՔ

Ադամը յաջորդաբար 5 օր ուշ կու գայ տուն: Եւան կը սկսի կասկածիլ... 6-րդ օրը երբ Ադամ ուշ կու գայ, Եւան կ’որոշէ հարցնել անոր այս ուշացումներու մասին: - Ադամ, հոս նայիր, այս ի՞նչ է, ամբողջ շաբաթը ուշ կու գաս տուն, հիմա ինծի ճշմարտութիւնը ըսէ, ուրիշ կին մը կա՞յ կեանքիդ մէջ: Ադամ ինքնավստահօրէն կը պատասխանէ: - Ոչ հոգիս, այս ի՞նչ ապուշ մտածում է, դուն միակ կինն ես այս աշխարհի վրայ: Կը լուացուին եւ ընթրիքէն ետք, Ադամը քունի կ’անցնի: Կէս գիշերին Ադամ կ’արթննայ եւ կը տեսնէ, որ Եւան իր կուրծքը կը զննէ:

ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՆՈՒԱՆԻ ԴԵՐԱՍԱՆ ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ

26 Սեպտեմբեր 2013-ին մահացաւ հայ անուանի դերասան, ՀՀ ժողովրդական արթիսթ Սօս Սարգսեանը: Երկար ժամանակէ ի վեր Սօս Սարգսեանի մօտ առողջական խնդիրներ յառաջացած էին, որոնք արտայայտուեցան թոքերու անբաւարարուածութեան տեսքով: Վարպետը բազմիցս հիւանդանոց փոխադրուած էր, ուր որոշ ժամանակ բուժուելէ ետք ապաքինման շրջանը կը բոլորէր…

Մուսթաքպալ

Մուսթաքպալ Հոսանքի անդամ երեսփոխան Ժան Օղասապեան դիտել տուաւ, թէ ազգային երկխօսութեան հիմքը պիտի ծառայէ Պաապտայի Յայտարարութիւնը: Ան որոշ յստակութիւններ նկատել տուաւ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնած երկխօսութեան մէջ: Օղասապեան նաեւ նշեց, թէ երկխօսութեան հիմնական օրակարգը պարտի ըլլալ պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը:

ՄԱԿ` ՙԺԸՆԵՒ-2՚ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ 22 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ

ՄԱԿ-ի պաշտօնակատար մը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ հակամարտութիւնը կարգաւորելու նպատակով ՙԺընեւ-2՚ խորհըրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 22 Յունոարին: Աղբիւրը նշեց, թէ Սուրիոյ իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը պիտի մասնակցին խորհրդաժողովին: Ժընեւի մէջ, Ռուսիոյ փոխարտաքին գործոց նախարար Ալեքսէյ Պոկտանով անջատ հանդիպումներ ուեցաւ…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՔՐՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ

Սուրիոյ քրտական բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը Թուրքիան զգուշացուց Ալ Քայիտային ռազմական օգնութիւն հայթայթելու հետեւանքներէն: Սոյն հաղորդագրութիւնը լոյս ընծայուեցաւ, երբ թրքական բանակը Թել Ապիատի մէջ սպաննեց քրտական բանակի երկու ծառայող: Թել Ապիատի մէջ կատաղի բախումներ տեղի կþունենան քիւրտերու եւ Ալ Քայիտայի զինեալներու միջեւ: Հաղորդագրութիւնը միաժամանակ կþընդգծէ, թէ առանց Թուրքիոյ բացայայտ օժանդակութեան, Ժեպհէթ Ալ Նուսրա հազիւ քանի մը օր դիմանայ քիւրտերու դէմ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿþՈՂՋՈՒՆԷ ՓՈՒԹԻՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՙՌուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի այցը Հայաստան կը նպաստի երկկողմ կապերի ամրապնդմանը եւ բխում է երկու ժողովուրդների շահերից՚: Այս մասին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: ՙՄենք շատ ուրախ ենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահը ոչ միայն Երեւան է…

ՌՈՀԱՆԻ ԲԱՑԱՌԵՑ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ՈՉՆՉԱՑՈՒՄԸ

ՙՖայնենշըլ Թայմզ՚ օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի կը յայտնէ, թէ իր երկրին միջուկային կեդրոնները պիտի չքանդուին: Նախագահը անգամ մը եւս կ'ընդգծէ, թէ Իսլամական Հանրապետութեան ռազմական քաղաքականութիւնը չի նախատեսեր միջուկային զէնքի մշակում: Ռոհանի կը յայտնէ, թէ Իրան պիտի շարունակէ…

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀՐԹԻՌՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽ

Դամասկոսէն հաղորդուած լուրերուն համաձայն, այսօր կէսօրէ ետք Դամասկոսի Պապ Շարքիի շրջանը դարձած է հրթիռային ռմբակուծումներու թիրախ: Հրթիռներու տարափին տակ, մահացած է Յակոբ Սարգիսեան անունով հայորդի մը: Հրթիռներ տեղացած են նաեւ Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ եւ Թարգմանչաց դպրոցին վրայ, պատճառելով լուրջ վնասներ:…

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածեց, Իրանի միջուկային ծրագիրի շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութեան վերաբերեալ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց համաձայնութիւնը դիտել տալով, որ անիկա լաւ լուր մըն է համայն միջազգային հանրութեան համար: Յայտարարութիւնը ընդգծեց, թէ Հայաստան միշտ ալ…