Լրատվական օրաթերթՀայերեն · Русский · English
ZartonkDaily
Լրատվական օրաթերթ
ԶարթոնքZartonkDailyՀայաստան։ Սփյուռք։ Աշխարհ։
Լեզուներ
HYRUEN
ZartonkDaily

Վերջին լուրեր

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ՍԻՐՏԸ

Ընթերցողի սեղանին է դրուած յոյժ բովանդակալից եւ հետաքրքրական գիրք մը` ՎԱՀԷ-ՎԱՀԵԱՆԻ ՙԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ՍԻՐՏԸ՚, որ կը պարփակէ բանաստեղծ, խմբագիր, կրթական մշակ եւ ազգային հասարակական գործիչ Վահէ-Վահեանի նամականին: Հատոր մը այս, որ լոյս է տեսած խմբագրութեամբ եւ ծանօթագրութեամբ հայ գիր ու գիրքի անխոնջ մշակ Արամ Սեփեթճեանի,…

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԸԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյման Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպէլը եւ անոր հետ քննարկեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները: Սըլէյման ընդունեց պետական նախարար Ալի Քանսոն, հաղորդակցութեան նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա…

ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ ԿԸ ԽԱՆԳԱՐԵՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Նոր կառավարութիւն չկազմելը բոլորեց իններորդ ամիսը: Ան կը մնայ երկիրը յուզող ամենահրատապ օրակարգը: Հանրապետութեան նախագահին եւ նորանշանակ վարչապետին համար բաւական յստակ դարձած է, որ օտար ազդեցութիւններ պատճառ կը դառնան անոր ուշացումին: Տեղական ուժերէն ոչ ոք ցանկութիւն ունի անսալու կազմութեան կոչերուն, սպասելով դուրսի…

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԸԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Ապահովական եւ նոր կառավարութիւն կազմելու թղթածրարները անգամ մը եւս դարձան, հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյմանի եւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ Պաապտայի պալատին մէջ կայացած հանդիպումին առանցքային օրակարգերը: Նախագահ Սըլէյման Պաապտայի պալատին մէջ գլխաւորեց ապահովական նիստ մը, որուն մասնակցեցան վարչապետ…

ԻՐԱՆ- ՎԵՑԵԱԿ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք, Ժընեւի մէջ, Իրան եւ Վեցեակը համաձայնութիւն գոյացուցին Թեհրանի միջուկային ծրագիրներուն վերաբերեալ: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճաուատ Զարիֆ յայտարարեց, թէ համաձայնութիւն գոյացած է Վեցեակին հետ: ՙԻնթէրֆաքս՚ լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Վեցեակի հետ համաձայնութեան մէջ,…

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ

23 տարի առաջ այս օրերին Պաքւում սկիզբ առաւ 20րդ դարում Պաքւում հայերի հանդէպ տեղի ունեցած երրորդ ցեղասպանութիւնը: 1990թ. Յունուարի 13-19 Պաքւում տեղի ունեցաւ հայ բնակչութեան երրորդ խոշոր կոտորածը: Միայն իր ազգային պատկանելութեան համար տեղի շուրջ 200.000 հայ համայնքը ենթարկուեց բռնութիւնների, կոտորածի ու վտարուեց քաղաքից:

ԵՐԵՔ ՔՐՏՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 15.000ՆՈՑ ՑՈՅՑ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Փարիզի ՙՔրտական Տեղեկատուական Կեդրոն՚ին մէջ Յունւար 10ին, երեք քրտուհիներու սպանութեան դէմª բողոքի մեծ ցոյց մը տեղի ունեցաւ Յունուար 12ին` Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ: Հակառակ անձրեւին ոչ միայն Ֆրանսայի, այլ նաեւ Եւրոպայի չորս կողմերէն ժամանած աւելի քան 15 հազար քիւրտեր, քրտական դրօշներ, Օճալանի դիմանկարը կրող պաստառներ, նաեւ սպաննուածներու պատկերները պարզելով` տողանցեցին Փարիզի փողոցներուն մէջ: Ցոյցը կազմակերպըւած էր քրտական բազմաթիւ ընկերակցութիւններու կողմէ:

ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՈՐ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Իմանալէ ետք, որ Տէր Զօրի յուշահամալիրը ռմբակոծման պատճառով ենթարկուած է լուրջ վնասներու, Արամ Ա. կաթողիկոս անմիջապէս կապ հաստատեց Հալէպի Ազգային առաջնորդարանին հետ: Այս մասին կը վկայէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տարածած հաղորդագրութիւնը: Վեհափառ հայրապետը նախ տեղեակ դարձաւ յուշահամալիրին կրած վնասներուն մասին: Յստակ է, թէ յուշահամալիրը որեւէ ձեւով թիրախ չէ դարձած ռմբակոծումի կամ կողոպուտի: Անոր կրած վնասները հետեւանք են իր մօտակայքը ինկած քանի մը ռումբերու:

ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԵՑԱՒ ՊԸՐՐԻԻՆ

Ընտրական օրէնքի վաւերացման գծով խորհրդարանական սեղմ Յանձնախումբը երէկ առաւօտեան գումարեց իր քննարկումներու առաջին հանգրուանի վերջին նիստը« կնքեց անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներու ատենագրութիւնը եւ զայն փոխանցեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին: Մինչ այդ կը շարունակուին մեկնաբանութիւնները յոյն ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծին կապակցութեամբ:

ՌՈՒՍԻԱՆ ԵՒ ՄԱԿ-ի ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ՔՆՆԱԴԱՏԱԾ ԵՆ ՃԱՐԱՄԱՆԱՅԻ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով խստօրէն քննադատած է Դամասկոսի Ճարամանա թաղամասին մէջ 28 Նոյեմբերին տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնները` յայտարարելով, որ նման արարքի համար որեւէ արդարացում չի կրնար ըլլալ: Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը: Լաւրով նաեւ աւելցուցած է, որ նման…

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ՄԻՋԱՄՏԵՑ ՄԱԼԻԻ ՄԷՋ ԵՒ ԿԱՍԵՑՈՒՑ ԻՍԼԱՄԱՊԱՇՏՆԵՐՈՒ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔԸ ԴԷՊԻ ՀԱՐԱՒ

Նախագահ Հոլանտ Յունուար 11ին, պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Ֆրանսա կը միջամտէ իր նախկին գաղթավայրին` Մալիի մէջ: Այս միջամտութիւնը կը կատարուի ընդառաջելով Մալիի նախագահին դիմումին, եւ կþարդարացուի որպէս իսլամական ահաբեկչութեան յառաջխաղացքը կանխելու կամ կասեցնելու գործողութիւն: Արդարեւ, գլխաւորաբար Ալ-Քաիտայի` շրջանի…