Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյման Պաապտայի նա֊խագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն եւ անոր հետ քննարկեց երկրին տնտեսական ու այլ զարգացումները:
Ռուսական ֆութպոլի 100 ամեակին առիթով, Ռուսիոյ ֆութպոլի միութիւնը սահմանած է նոր մրցանակ մը` ՙֆութպոլի մէջ մարդա֊սիրութեան համար՚, որ կը կրէ ռուսական ֆութպոլի հիմնադիրներէն մէկուն` Տիւարերոնի անունը:
Ազրպէյճանի նախկին նախագահ (1990-1992) Այազ Մութալիպով, անդրադառնալով ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպա֊նութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման ըսած է, թէ անիկա ՙհաշուարկուած քայլ էր՚: ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած օրինա֊գիծը քաղաքակա֊նա֊պէս մտածուած քայլ է, քանի որ յառաջիկայ ամիսներուն Ֆրան֊սայի…
Թուրքիա կը պատրաստուի Իրաքի մէջ յարանուանական լարուածութիւնները մեղմացնելու նպատակով` Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք ժողովի մը ընթացքին Իրաքի սիւննի եւ շիի ղեկավարները սեղանի շուրջ հաւաքել: Այս մասին կը յայտնէ թրքական ՙՍապահ՚ օրաթերթը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ գումարուող ժողովը տեղի պիտի ունենայ այս Փետրուարի վերջաւորութեան: Այս քայլով Թուրքիա կը ձգտի ստեղծել միջազգային մարմին մը, որ սեղանի շուրջ կը հաւաքէ շրջանին տարբեր խմբաւորումները:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապ֊եանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Յա֊րութ Երկանեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Կարէն Կակոյեան: Հանդիպման ընթացքին Յակոբեան…
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտ֊նեց, թէ Սահմանադրա֊կան Խորհուրդին կողմէ Հայկական Ցեղասպանու֊թեան ժխտումը քրէակա֊նացնող օրէնքը մերժուե֊լու պարագային` անյա֊պաղ նոյն ուղղութեամբ օրէնքի նախագիծ մը պատրաստել պիտի տայ: Այս մասին կը յայտնէ թրքական ՙԱնատոլու՚ գործակալութիւնը: Նշենք, որ Ծերակոյտէն 77 եւ Ազգային ժողովէն 65…
Հ.Հ. վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է Հ.Հ. Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ թագաւորութեան նորանշանակ արտակագ եւ լիազօր դեսպաններ Ճոնաթան Ճէյմս Էյվզին եւ տիկին Քեթրին Ճէյն Լիչին: Հանդիպումին ընթացքին վարչապետը նշած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է Մեծն Բրիտանիոյ հետ յարաբերութիւնները խորացնելու: «Շատ բան կախեալ է ձեր աշխատանքէն: Առաջին հերթին կարեւոր է, որ Մեծն Բրիտանիոյ դիւանագիտութիւնը տարածաշրջանին մէջ ապահովէ ծրագրուած մօտեցում: Մենք նաւթ չունինք, սակայն ունինք այլ աղբիւրներ՝ աւելի սուղ եւ կարեւոր», ըսած է Սարգսեան:
Ֆրանսայի կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւններու, ի շարս որոնց` Հայոց Ցեղասպանութեան ալ ժխտումը պատժելի դարձնող օրինագծին Ծերակոյտին կողմէ վաւերացումը արդէն շաբաթ մը եղաւ, բայց թեր ու դէմ կարծիքներու պայքարը կը շարունակուի նոյն թափով: Այդ կարծիքները երեսփոխաններու եւ ծերակուտական֊նե֊րու` Հանրապետութեան նախագահին ուղղուած նամակներն ու կոչե֊րը այնքան բազմաթիւ են, որ անկարելի է անդրադառնալ բոլորին: Անոնցմէ մէկ մասին անդրադարձանք արդէն մեր նախորդ թիւով:
ՄՈՍԱՏԻ ՊԵՏԸ ԳԱՂՏՆՕՐԷՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՅՑԵԼԱԾ Է
Լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, թէ իսրայէլեան գաղտնի գործակալութեան` Մոսատի պետ Թամեր Պարտօ Ուաշինկթընի մէջ պետական բաձրաստիճան պատասխանատուներու հետ հանդիպած եւ քննարկած է զանազան հարցեր` Իսրայէլի կողմէ Իրանին հասցուե֊լիք զինուորական հարուածի մը կարելիութեան շուրջ:
Իսրայէլի հեռատեսիլի 2-րդ կայանը հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Հետախուզական Գործակալութեան` Սի.Այ.Էյ.-ի պետ Տէյվիտ Փեթրայոս եւ Ազգային Հետախուզութեան պետ Ճէյմզ Քալաֆար մասնակցած են հանդիպման:
Նոր նուաճում մը եւս հայկական ճատրակին համար, զոր իրա֊գործեց հայրենի մեծ վարպետ, ողիմպիական ախոյեան Լեւոն Արոն֊եանը, որ շահեցաւ այս տարուան առաջին մեծ մրցաշարքին` Թաթա Սթիլի միջազգային 74րդ մրցաշարքին ախոյեանի տիտղոսը, որ կայացաւ հոլանտական Վէյք Ան Զէէ քաղաքին մէջ, 14-29 Յունուարի միջեւ, աշխարհի ճատրակի 14 աստղերու մասնակցութեամբ: